Լիբանանահայ համայնքին՝ զսպուածութեան կոչ
Իսրայէլ յառաջխաղացք կ՚արձանագրէ
Լիբանանի դէմ Իսրայէլի գործողութիւնները ներկայիս հիմնականին մէջ կեդրոնացած են երկրի հարաւին վրայ. թէեւ Պէյրութի հարաւային արուարձանները մերթ ընդ մերթ կը հրթիռակոծուին, սակայն ռազմական գործողութիւնները կը կեդրոնանան երկրի հարաւային ուղղութեամբ: Իսրայէլ իր առջեւ խնդիր դրած է անվտանգութեան գօտի մը ստեղծելու եւ զայն իրագործելու քանի դեռ Իրանն ու Միացեալ Նահանգները համաձայնութեան չեն յանգած։ Այս մասին «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Լիբանանի մէջ հրատարակուող «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:
Ան նշած է, որ կայ նաեւ որոշ տեղաշարժ. դանդաղ, բայց առկայ է, եւ իսրայէլեան զօրքերը յառաջխաղացք արձանագրած են:
“Ներքաղաքական առումով որոշ մտահոգութիւն գոյութիւն ունի։ Լիբանանի իշխանութիւններուն վերջին քայլը, որով Իրանի դեսպանին մինչեւ Կիրակի ժամանակ տրուեցաւ երկիրը լքելու համար՝ զայն հռչակելով «անցանկալի անձ» (persona non grata), միանշանակ չէ ընդունուած: Այս հարցով կան տրամագծօրէն հակադիր կեցուածքներ, բայց միեւնոյն ժամանակ զսպուածութեան որոշ մօտեցումներ նկատելի են, որպէսզի այս իրավիճակին մէջ ներքին լարուածութիւնը չխորանայ եւ բախումներու չյանգի”,– ըսած է Գանտահարեան:
Ան դիտել տուած է, որ Իսրայէլ կարծէք անհանգիստ է, որովհետեւ ենթադրեալ բանակցութիւններ կամ շփումներ կան Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ: Ըստ երեւոյթին, Իսրայէլ կը փորձէ մինչեւ բանակցութիւններու սկսիլը իրագործել իր առաջադրանքը՝ յատկապէս հարաւային հատուածին մէջ, զուգահեռաբար օգտուելով Թրամփի յայտարարութիւններէն, որոնք յաւելեալ ժամանակ կու տան իրեն:
Մտահոգութիւնները խոր են՝ նկատի ունենալով յատկապէս ընկերային ու տնտեսական խնդիրները եւ տեղահանուածներու երեւոյթը, քանի որ հարցը կը վերաբերի հսկայական թիւով գաղթականներու՝ մօտաւորապէս մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար հոգի: Ամբողջ շրջան մը արդէն գրաւուած է: Եթէ Իրան-Միացեալ Նահանգներ գիծին վրայ որոշ երկխօսութեան կամ բանակցութիւններու մասին խօսք կայ, ապա Լիբանանի պարագային նման բան չկայ. տակաւին անորոշ է եւ շատ աւելի անհեռանկար, թէ այս ամէնը ինչի՞ պիտի յանգի: Նաեւ բաւական ճիգ կը գործադրուի, որ ներքին լարուածութիւններ չյառաջանան:
Գանտահարեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի հրաւէրով խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած է հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու, համահայկական մարմիններու եւ լիբանանահայ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, ուր քննարկուած է ստեղծուած իրավիճակը՝ պատերազմական կացութեան հետեւանքները յաղթահարելու համար:
“Բնականաբար հայութեան զգօնութեան ու սթափութեան կոչ ուղղուած է՝ որեւէ կերպ չներքաշուելու եւ հեռու մնալու ներքաղաքական լարուածութիւններէն: Բայց նաեւ, քանի որ տարածաշրջանային պատերազմ է, քննարկուած է արաբական տարբեր երկիրներու եւ Իրանի հայ համայնքներու իրավիճակը. Իրանի պարագային նաեւ՝ կրած նիւթական վնասները, անվտանգային խնդիրները, պատերազմին հետ կապուած հանգամանքները, եւ կոչ եղած է համակարգուած ձեւով հետեւելու եւ խորհրդակցելու հետեւողական կերպով: Նաեւ հայկական բարեսիրական միութիւններուն կոչ ուղղուած է, որ միասնաբար աշխատին՝ յառաջիկայ մարտահրաւէրները միացեալ ուժերով դիմագրաւելու համար”,– եզրափակած է Գանտահարեան:
