Պատուոյ լէգէոնի շքանշան՝ Սուրէն Պապիկեանին
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան պարգեւատրուեցաւ Ֆրանսայի ազգային բարձրագոյն պարգեւներէն՝ Պատուոյ լէգէոնի շքանշանով (Légion d’honneur)։
Նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի հրամանագրով շնորհուած այս պարգեւին լուրը հանրութեան հետ կիսած է անձամբ նախարարը՝ հաստատելով պաշտօնական արարողութեան կայացումը։ «Շքանշանը ինծի յանձնեց Ֆրանսայի վարչապետ Սեպասթիէն Լըքոռնիւ, որ բարձր գնահատեց ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ իմ ունեցած նշանակալի աւանդը»,– գրած է Պապիկեան։

Նափոլէոն Պոնափարթի կողմէ 1802-ին հիմնուած Պատուոյ լէգէոնի շքանշանը Ֆրանսայի ամէնէն հեղինակաւոր պարգեւն է թէ՛ ռազմական եւ թէ՛ քաղաքացիական նուաճումներու համար։ Ան կը շնորհուի այն անձերուն, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Ֆրանսայի համար կամ պաշտպանած են Ֆրանսական Հանրապետութեան կողմէ կարեւոր նկատուող արժէքները՝ դիւանագիտութեան, մշակոյթի, գիտութեան եւ միջազգային համագործակցութեան մարզերուն մէջ։ Աւելի քան երկու դարուան պատմութեան ընթացքին այս շքանշանին արժանացած են համաշխարհային դէմքեր, որոնց շարքին են Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Անկելա Մերքելը, ամերիկացի զօրավար եւ պետական գործիչ Ճորճ Մարշալը եւ Մեծն Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլը։ Պարգեւատրուածներու ցանկին մէջ են նաեւ մշակութային գործիչներ, ինչպէս՝ երգչուհի Սելին Տիոնը, դերասանուհիներ Մոնիքա Պելուչին, Միշէլ Եօն եւ Սալմա Հայէքը, նաեւ գիտնականներ՝ ի դէմս Նոպէլեան մրցանակակիր բնագէտ Լուի տը Պրոկլիի։ Շքանշանը, որ բաժնուած է հինգ աստիճանի՝ Ասպետէն մինչեւ Մեծ խաչ, տրուած է նաեւ Առաջին եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմներու բազմաթիւ զինուորականներու։

Թէեւ Սուրէն Պապիկեանին շնորհուած աստիճանը չէ յստակացուած, սակայն այս պարգեւատրումը ինքնին զայն կը դասէ Ֆրանսայի կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու երկար շարքին մէջ։ Այս պատուոյ նշանը կու գայ վկայելու ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու եւ յատկապէս պաշտպանական ու քաղաքական ոլորտներէն ներս ընդլայնող համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
