Եգիպտոսի առաջին Արտաքին գործոց նախարար Պօղոս պէյ Եուսուֆեան ի պատուի

Screenshot

Screenshot

Եգիպտական դիւանագիտութեան 200-ամեակին առթիւ դրոշմաթուղթեր հրապարակուած են 

Եգիպտոս հրապարակած է դրոշմաթղթային յուշաթերթիկ մը՝ նուիրուած արդի պետութեան դիւանագիտական ծառայութեան հիմնադրութեան 200-ամեակին (1826–2026), որով ոչ միայն կը նշուի յիշատակելի տարեդարձ մը, այլ նաեւ կը շեշտուի պետականութեան կառուցման մէջ տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներուն, ներառեալ հայոց, նշանակալի ներդրումը։

Յուշաթերթիկը, որ հրապարակուած է Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Թղթատարական ազգային ծառայութեան համագործակցութեամբ, ներկայացուած է դիւանագիտութեան օրուան առիթով։ Ան կը պատկերացնէ երկրի արտաքին քաղաքական համակարգին պատմական զարգացումը՝ ընդգրկելով անոր կազմաւորման տարբեր փուլերը։

Հրապարակութեան առանցքային դէմքը Պօղոս պէյ Եուսուֆեանն է (1775–1844), նշանաւոր պետական գործիչ մը, որ կը համարուի Եգիպտոսի արտաքին յարաբերութիւններու հիմնադիրներէն մին։ Ան Մոհամմէտ Ալի փաշայի օրօք ղեկավարած է «Առեւտուրի եւ արտաքին գործերու դիւանը», որ ըստ էութեան կը հանդիսանար արդի Արտաքին գործոց նախարարութեան նախատիպը։

Պօղոս պէյ Եուսուֆեանի գործունէութիւնը կարեւոր դեր ունեցած է Եգիպտոսի միջազգային յարաբերութիւններու կազմաւորման եւ զարգացման մէջ՝ հիմք դնելով պետական դիւանագիտական համակարգին։

Պատմաբան Մոհամմէտ Ռեֆհաթ տարիներ առաջ բացայայտած էր Պօղոս պէյի օրերուն օգտագործուած դիւանագիտական արտաքին գրագրութեան գաղտնագիրը՝ հայատառ թրքերէն։

Յիշատակելի է, որ Պօղոս Եուսուֆեան եղած է նաեւ նումայի (mandarine) առաջին ներածողը Եգիպտոս, ուր մինչեւ այսօր պտուղը կը կոչուի իր անունով՝ Եուսուֆ էֆէնտի։

Յուշաթերթիկին վրայ տեղ գտած են Արտաքին գործոց նախարարութեան պատմական շէնքերը մինչեւ Նոր վարչական մայրաքաղաք, Դիւանագիտական ակումբը եւ Զաաֆարան պալատ։

Նախաձեռնութիւնը անգամ մը եւս կը շեշտէ Եգիպտոսի հայ համայնքին կարեւոր դերը երկրի պատմութեան մէջ։ Հայերը երկար տարիներ աշխուժօրէն մասնակցած են երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին՝ վարելով կարեւոր պաշտօններ եւ նպաստելով պետական կառավարման զարգացման։

Պետութեան այս քայլը կը նկատուի բազմամշակութային ժառանգութեան եւ համակեցութեան կարեւորութեան շեշտադրում։ Ան ցոյց կու տայ, թէ երկրի զարգացման մէջ տարբեր ժողովուրդներու ներդրումը կը շարունակէ արժեւորուիլ եւ յիշուիլ։