ԱՄՆ եւ Իրան վերջին պահուն համաձայնեցան երկշաբաթեայ հրադադարի մը շուրջ
Իսրայէլ կը շարունակէ հարուածել Լիբանանը
Ապրիլ 7-ի ուշ ժամերուն, ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Իրանին տրուած վերջնագիրի աւարտէն եւ «ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը ոչնչացնելու» սպառնալիքէն հազիւ երկու ժամ առաջ, Ուաշինկթըն եւ Թեհրան համաձայնեցան երկշաբաթեայ հրադադարի մը շուրջ։ Համաձայնութիւնը կայացաւ Փաքիստանի վարչապետ Շեհպազ Շարիֆի միջնորդութեամբ, որ տեղեկացուց, թէ ամերիկեան եւ իրանեան պատուիրակութիւնները Ուրբաթ օր հանդիպում պիտի ունենան Իսլամապատի մէջ՝ բանակցութիւնները շարունակելու նպատակով։
Նախագահ Թրամփ այս համաձայնութիւնը որակեց «լիակատար եւ հարիւր տոկոսանոց յաղթանակ»՝ նշելով, որ Իրանէն ստացած է տասը կէտէ բաղկացած գործնական առաջարկ մը։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հաստատեց, որ Թեհրան պիտի դադրեցնէ հակայարձակումները եւ պիտի ապահովէ անվտանգ նաւարկութիւնը։ Սպիտակ տան բանբեր Քերոլայն Լեւիթն ալ իր կարգին յայտնեց, որ Իրան համաձայնած է վերաբանալ Հորմուզի նեղուցը, որուն լոյսին տակ միջազգային շուկային վրայ քարիւղի գինը իջաւ 100 տոլարին տակ (իւրաքանչիւր տակառի)։
Հակառակ այս դրական զարգացումներուն եւ համընդհանուր հրադադարի մասին Փաքիստանի յայտարարութեան, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ թէեւ կ՚աջակցի Իրանի դէմ հարուածներու դադրեցման, սակայն այս հրադադարը պէտք չէ վերագրել Լիբանանին։ Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց նոյնպէս շեշտեց, որ Իսրայէլի հիւսիսային շրջաններու անվտանգութիւնը ապահովելու համար պէտք է անպայման փոխուին Լիբանանի մէջ տիրող իրողութիւնները։ Այս յայտարարութիւններուն անմիջապէս յաջորդեցին Իսրայէլի հուժկու օդային հարուածները Պէյրութի կեդրոնական թաղամասերուն վրայ։ Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ ասոնք պատերազմի սկիզբէն ի վեր ամենածանր հարուածներն էին, որոնք պատճառեցին տասնեակ զոհեր ու հարիւրաւոր վիրաւորներ։
Հրադադարի լուրը ընդհանուր առմամբ դրական արձագանգ գտաւ միջազգային ընտանիքին կողմէ։ Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն ողջունեց համաձայնութիւնը, սակայն մտահոգութիւն յայտնելով Լիբանանի մէջ տիրող օրհասական վիճակին գծով՝ կոչ ուղղեց զայն եւս ընդգրկելու համաձայնագրին մէջ։ Իր կարգին, նորընտիր (եւ պատմութեան մէջ առաջին ամերիկացի) Հռոմի Պապ Լեւոն ԺԴ. մեծ գոհունակութեամբ ընդունեց հրադադարը՝ նշելով, որ պատերազմի աւարտին կարելի է հասնիլ միայն բանակցութիւններու ճամբով։ Ան նախապէս «անընդունելի» որակած էր Թրամփի հնչեցուցած սպառնալիքները Իրանի բնակչութեան դէմ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նոյնպէս ողջունեց ռազմական գործողութիւններու դադրեցման այս կարեւոր որոշումը՝ բարձր գնահատելով միջնորդական ճիգերն ու ընդգծելով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան պահպանման համար դիւանագիտութեան անփոխարինելի դերը։ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւս դրականօրէն ընդունեց հրադադարի լուրը եւ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին շնորհաւորեց Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանը։
Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ-Իսրայէլ միացեալ հարուածները Իրանի դէմ սկիզբ առած էին Փետրուար 28-ին, որոնց ի պատասխան Իրան հարուածած էր Իսրայէլն ու ամերիկեան ռազմական խարիսխներ հիւրընկալող Ծոցի երկիրները, մինչդեռ Լիբանան այս պատերազմին մէջ ներքաշուած էր Մարտ 2-էն ի վեր։
