Եւրոպական Միութեան Արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Քայա Քալլաս «X» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ Դեկտեմբեր 31-ին կատարած գրառումով յայտնած է, թէ Ռուսաստանի վերջին պնդումները, ըստ որոնց Ուքրաինա փորձած է հարուածել կառավարական առանցքային հաստատութիւններ, նպատակ ունին շեղելու ուշադրութիւնը։

“Մոսկուա կը միտի խափանել այն յառաջընթացը, որ արեւմտեան գործընկերները ձեռք բերած են Ուքրաինայի մէջ խաղաղութեան հաստատման հարցին գծով”,– պնդած է ան՝ աւելցնելով, թէ՝ ”ոչ ոք պէտք է հալած իւղի նման կլլէ նախայարձակ պետութեան անհիմն մեղադրանքները։