Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը խաղայ «խաղաղասիրութիւն», բայց ոչ մէկ առիթ կը «մսխէ» Հայաստանի հասցէին նուաստացուցիչ արտայայտութիւններ ունենալու համար։

Ան, Ամանորի իր ուղերձին մէջ յայտարարած է, թէ Պաքու լուծած է տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման խնդիրը եւ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ամբողջութեամբ դուրս եկած է միջազգային օրակարգէն։ Ան հեգնանքով յիշեցուցած է, որ Մինսքի խումբը այլեւս «պատմութեան դասագիրքերուն» անցած է, իսկ միջազգային հանրութիւնը ճանչցած է Ազերպայճանի յաղթանակն ու վերականգնուած ինքնիշխանութիւնը։

Թէեւ Ազերպայճան նոր պատերազմի չի պատրաստուիր, սակայն ազերի նախագահը ընդգծած է, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ «ուժն է ծնունդ տուողը իրաւունքին»։ Այս տրամաբանութեամբ ալ Պաքու շարունակած է բանակի արդիականացումն ու զինումը՝ բազմապատկելով յատուկ նշանակութեան ուժերու թիւը՝ որեւէ պահու պատրաստ ըլլալու պաշտպանութեան։

Անդրադառնալով Երեւանի հետ յարաբերութիւններուն՝ Ալիեւ նշած է, որ «իբրեւ յաղթանակած երկիր՝ իրենք խաղաղութեան ձեռք երկարած են պարտուած Հայաստանին»՝ այդ որակելով քաղաքական իմաստութիւն։ Ան աւելցուցած է, որ այդ յաղթանակը ամրապնդուած է Սպիտակ Տան մէջ՝ ԱՄՆ-ու նախագահին մասնակցութեամբ։ Եզրափակելով՝ Ալիեւ յստակ ակնարկութիւն կատարած է ռուս-ազերպայճանական լարուածութեան՝ շեշտելով, թէ երբեք թոյլ չեն տուած ոեւէ մէկուն միջամտել իրենց ներքին գործերուն կամ թելադրել իրենց։