Հայաստան կը մասնակցի Թոքիոյի «Japan IT Week» ցուցահանդէսին
Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի Թոքիոյի մէջ կայացող «Japan IT Week» միջազգային արհեստագիտական ցուցահանդէսին՝ Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած միասնական «Հայաստան» տաղաւարով:
Հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ կան ոլորտի առաջատար կազմակերպութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն երկրին արհեստագիտական միջավայրը: «Japan IT Week»-ը Ասիոյ տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ թուային լուծումներու մեծագոյն ցուցահանդէսներէն մէկն է, որ կը համախմբէ հազարաւոր ընկերութիւններ եւ միջազգային փորձագէտներ:
Հայաստանի մասնակցութիւնը կ՚իրականացուի Ճափոնի Միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան (JICA) հետ գործակցաբար:
