«Այսօր Եկեղեցւոյ դէմ կատարուող պառակտիչ գործողութիւնները չունին որեւէ արդարացում եւ պիտի չունենան շահեկան արդիւնք»։ Այս մասին իր Ամանորի ուղերձին մէջ յայտարարած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.։
“Անցնող տարին ազգիս համար լի էր տագնապալի իրադարձութիւններով՝ հասարակութեան մէջ տեղ գտած պառակտումներով, ատելութեան ու անհանդուրժողութեան դրսեւորումներով։ Ցաւօք, Նոր Տարի մուտք կը գործենք նաեւ Հայոց Եկեղեցւոյ եւ հոգեւոր դասին թիրախաւորման մտահոգիչ պայմաններու մէջ”,– նշած է Վեհափառ Հայրապետը։
Ան յորդորած է «ամուր եւ աներեր պահել մեր հաւատքը», զինուիլ կամքով ու վճռականութեամբ, արիաբար դիմադրելու համար դժուարութիւններուն։
“Դժուարին այս շրջանը, անտարակոյս, պիտի յաղթահարենք մեր լոյս հաւատքին, մեր միասնականութեան, հաստատակամութեան ու տոկունութեան շնորհիւ”,– ըսած է ան։
