Ապրիլեան պատարագ Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ

Եկեղեցի-3

Նախքան Ապրիլ 24-ի հանրահաւաքն ու քայլարշաւը, Փարիզի առաջնորդանիստ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Սուրբ պատարագ՝ ձեռամբ Ֆրանսահայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեանի։ Հոգեպարար այս արարողութեան, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեանի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողքին, իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին նաեւ այլ եկեղեցիներու եւ տարբեր կրօնական համայնքներու պետեր ու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հանրային անձնաւորութիւններ։