Փաշինեան ընդունած է Ֆրանսայի կառավարութեան պատուիրակութիւնը
Ձախէն՝ Օլիվիէ Տըքոթինյի, Օրոր Պերժէ, Ալիս Ռիւֆօ եւ Նիկոլ Փաշինեան
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ապրիլ 23-ին ընդունած է Ֆրանսայի զինուած ուժերու եւ վեթերաններու հարցերու պատուիրակ-նախարար Ալիս Ռիւֆօն, ինչպէս նաեւ Կիներու ու այրերու հաւասարութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի հարցերու նախարար Օրոր Պերժէն, որոնց կ՚ընկերանար դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին։
Ողջունելով ֆրանսական բարձրաստիճան պատուիրակութեան այցը՝ վարչապետը նշած է, որ ան կը կայանայ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման կարեւոր ժամանակաշրջանի մը։ Փաշինեան արձանագրած է, որ հայ-ֆրանսական գործակցութիւնը հասած է աննախադէպ բարձր մակարդակի՝ համոզում յայտնելով, որ այդ գործակցութիւնը յառաջիկային աւելի պիտի ընդլայնի ու ամրապնդուի։ Ան յատկապէս շեշտած է նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի հետ սերտ երկխօսութիւնն ու խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ անոր ունեցած անառարկելի դերը։
Իր կարգին, նախարար Ռիւֆօ, հաղորդելով Ֆրանսայի նախագահին ողջոյնները, ընդգծած է, որ Փարիզ պիտի շարունակէ կանգնիլ Հայաստանի կողքին բոլոր ուղղութիւններով, ներառեալ՝ խաղաղութեան օրակարգի յառաջ տանելու գծով։ Ֆրանսացի նախարարները պատրաստակամութիւն յայտնած են ընդլայնելու կապերը հայաստանցի գործընկերներուն հետ եւ բաժնեկցելու իրենց փորձառութիւնը տարբեր մարզերէ ներս։
Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններու, Հայաստանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ծիրէն ներս համագործակցութեան շուրջ։
