Ազերպայճան հաստատած է սրբավայրերու քանդումը

Արցախ-4 642-432c-d913-08de3c914337_w1023_r1_s

Ազերպայճանական կողմը պաշտօնապէս հաստատած է Ստեփանակերտի Մայր տաճարին եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնայատակ քանդումը՝ զանոնք որակելով «ապօրինի կառոյցներ» եւ «բռնագրաւման խորհրդանիշեր»։ Ըստ Պաքուի՝ եկեղեցիներուն վերացումը «օրինականութեան վերականգնում» է, քանի որ անոնք կառուցուած են առանց իրենց համաձայնութեան։

Արբանեակային թարմ լուսանկարները կը փաստեն վանդալական այս արարքը. Մայր տաճարի տեղը այժմ սալայատակ է, իսկ Սուրբ Յակոբի տեղը՝ սեւ հող։ Արցախի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, հակադարձելով Պաքուի պնդումներուն՝ շեշտած է, որ Ստեփանակերտը միշտ եղած է բնիկ հայերով բնակուած քաղաք, եւ այս եկեղեցիները այդ ժողովուրդին հոգեւոր մշակոյթի արտայայտութիւնն էին։

Մինչ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացումը, Հայաստանի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ միջազգային կառոյցներուն պիտի չդիմեն այս հարցով։ Վարչապետ Փաշինեանը յորդորած է «շրջահայեաց» ըլլալ՝ նման հարցերը որակելով «երկսայրի սուր»։

Այս լռութեան ու անգործութեան մթնոլորտին մէջ, այժմ վտանգուած է նաեւ Արցախի խորհրդանիշ «Տատիկ-Պապիկ» յուշարձանը, որուն քանդման բացայայտ կոչերը արդէն իսկ կը հեղեղեն ազերպայճանական ընկերային հարթակները։