CCAF-ի հաղորդագրութիւնը

ccaf

CCAF-ը կ՚ափսոսայ Հայաստանի դեսպանատան բացումէն Սփիւռքի ներկայացուցիչներուն բացառումը

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) Ազգային գրասենեակը իր խիստ դժգոհութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի կառավարութեան՝ Փարիզի մէջ Հայաստանի նոր դեսպանատան պաշտօնական բացման արարողութենէն ֆրանսահայ համայնքի շարք մը ներկայացուցչական դէմքեր բացառելու որոշումին դէմ. անոնց կարգին են՝ Խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեանն ու Մուրատ Փափազեանը, Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը եւ Ֆրանսայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեանը։

Այս որոշումը կը նկատենք ցաւալի սխալ մը, եւ հարկ է զայն կոչել իր իսկական անունով։

Դեսպանատուն մը կը ներկայացնէ հայոց պետութիւնը եւ աւելին՝ համայն հայ ժողովուրդը իր բազմազանութեան մէջ։ Ան ամբողջ ազգի մը հասարակաց տունն է, վայր մը, ուր Հայաստանը կը ներկայանայ իր ամբողջականութեամբ, բազմազանութեամբ եւ արժանապատւութեամբ, վեր՝ առօրեայ գաղափարական տարակարծութիւններէն եւ հատուածական հաշուարկներէն։ Արգիլելով ֆրանսահայ Սփիւռքի ճանչցուած ներկայացուցիչներուն մուտքը՝ Հայաստանի կառավարութիւնը այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ կը շեղի համախմբումի իր այս առաքելութենէն։

Այս ընտրութիւնը արդարացիօրէն տարակուսանք կը յառաջացնէ։

Արա Թորանեանն ու Մուրատ Փափազեանը բացառելը, որոնց անունները անքակտելիօրէն կապուած են հայ ժողովուրդի յիշողութեան, ճանաչման եւ արժանապատւութեան համար մղուած տասնամեակներու պայքարին, ի յայտ կը բերէ մօտեցում մը, որ մեր կարծիքով կը նսեմացնէ Սփիւռքի ներկայացուցչութիւնը։ CCAF-ը սովորական խմբաւորում մը չէ. ան Ֆրանսայի մէջ հայերու գլխաւոր ներկայացուցչական մարմիններէն մէկն է։ Ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած ղեկավարները հեռու պահելը կը պարունակէ կազմակերպուած Սփիւռքի զգալի մէկ մասը մեկուսացնելու վտանգը։

Գերաշնորհ Տ. Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեանը բացառելով՝ վտանգ կը ստեղծուի խորապէս վիրաւորելու Հայ առաքելական եկեղեցին, այն բազմադարեան հաստատութիւնը, որ անցած է ջարդերու, ցեղասպանութեան, ցրւումի ընդմէջէն եւ որ մինչեւ օրս կը մնայ մեր ժողովուրդի հոգեւոր գլխաւոր ուղեցոյցը։ Յիշեցման կարգով նշենք, որ 1995 թուականէն ի վեր, եկեղեցին դեսպանատան տրամադրութեան տակ անվճար դրած է անոր ցայժմ գործածած շէնքը։

Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը բացառելը բացասական պատգամ մըն է՝ ֆրանսական քաղաքական բեմին վրայ իրենց պապենական հողերէն քշուած, աքսորի ենթարկուած եւ ամէն ինչէ զրկուած 120 հազար արցախահայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով։ Այնպիսի պահու մը, երբ Արցախի հարցը կը մնայ բաց վէրք մը համաշխարհային հայութեան գիտակցութեան մէջ, այս քայլը կը ստանայ յատկապէս ծանր հնչեղութիւն, որ յստակացում կը պահանջէ։

Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ, որ Փարիզի մէջ իր նոր դեսպանատան բացման երեկոյեան, Հայաստանի կառավարութիւնը կարծէք նախապատւութիւնը տուաւ բացառման տրամաբանութեան՝ փոխանակ համախմբումի ոգիին, ինչ որ միայն խոր յուսախաբութիւն կրնայ յառաջացնել։ Պետութիւն մը այսպէս չէ որ կը հզօրանայ։ Կը յուսանք, որ այս կացութիւնը կարելի կ՚ըլլայ լուսաբանել երկխօսութեան ոգիով։