Ազերպայճանական պատուիրակութիւն մը Հայաստան այցելած է 

Մուսաֆաեւ-Աղուերան

Աղուերանի մէջ տեղի ունեցած է սահմանազատման յանձնաժողովներու 13-րդ հանդիպումը

Ապրիլ 29-ին, Ազերպայճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Երեւան։ Սա սահմանազատման յանձնաժողովի ազերպայճանական կողմի նախագահին առաջին այցն էր Հայաստան։ Յատկանշական է, որ Մուսթաֆաեւ, որ ծնած է Հայաստանի Ջուջեւան գիւղը (Նոյեմբերեանի շրջան), այցելութեան ընթացքին փափաք յայտնած է տեսնելու իր ծննդավայրը, որ ըստ հաղորդուած լուրերուն՝ չէ իրականացած։

Այցի ծիրէն ներս, Աղուերանի մէջ կայացած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի նախագահութեամբ գործող սահմանազատման պետական յանձնաժողովներու 13-րդ հանդիպումը։ Ըստ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան, կողմերը քննարկած են սահմանազատման գործընթացի կազմակերպչական եւ արհեստագիտական հարցեր, ինչպէս նաեւ համաձայնութեան արժանացած են աշխատանքային երեք հիմնական ուղեցոյցներու նախագիծեր, որոնք կը ներկայացուին երկու կողմերու կառավարութիւններուն, հաստատման համար։

Հանդիպումը ընդգրկած է նաեւ տնտեսական օրակարգ. երկու երկիրներու գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ քննարկուած են առեւտրատնտեսական համագործակցութեան, տարանցիկ փոխադրումներու եւ ապրանքներու մատակարարման հարցեր։ Պաշտօնապէս նշուած է, որ ներկայիս յաջողութեամբ կ՚իրականանայ դէպի Հայաստան բեռներու տարանցումը Ազերպայճանի տարածքով, եւ վերջինս նաւթամթերք կը մատակարարէ Հայաստանին՝ որպէս երկկողմ առեւտրային կապերու ձեւաւորման վկայութիւն։

Հանդիպման աւարտին ստորագրուած է արձանագրութիւն, ուր յատուկ կերպով ընդգծուած է, որ այս արդիւնքները կարելի դարձած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի քաղաքական կամքին շնորհիւ։ Կողմերը պայմանաւորուած են յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը կազմակերպել Ազերպայճանի մէջ։