2029-ի Մ-20 Աշխարհի բաժակը՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ

Համաշարհային բաժակ

Հայաստան եւ Վրաստան պիտի հիւրընկալեն 2029-ի ՖԻՖԱ-ի մինչեւ 20 տարեկաններու Համաշխարհային բաժակը

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28-ին, Գանատայի Վանքուվըր քաղաքին մէջ, ՖԻՖԱ-ի (Ֆութպոլի համաշխարհային դաշնակցութին) 76-րդ համագումարին ընդառաջ կայացած ժողովին ընթացքին, ՖԻՖԱ-ի խորհուրդը հաստատած է, որ Հայաստան՝ Վրաստանի հետ միասին, պիտի հիւրընկալէ 2029-ի ՖԻՖԱ-ի մինչեւ 20 տարեկաններու (U-20) Համաշխարհային բաժակը։

Սա պիտի ըլլայ ՖԻՖԱ-ի հովանիին տակ կայացող որեւէ մրցաշարքի առաջին հիւրընկալումը երկու երկիրներուն մէջ, ինչ որ արդիւնքն է 2024 Յունիսին անոնց ֆութպոլի դաշնակցութիւններուն կողմէ ներկայացուած միացեալ դիմումին։

Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը (ՀՖՖ) այս որոշումը պատմական համարած է։ «Սա աննախադէպ նուաճում է հայկական ֆութպոլին համար։ Մեր երկիրը առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ այս մակարդակի մեծ միջազգային մրցաշարք մը, ինչ որ կը վկայէ միջազգային ֆութպոլային հանրութեան մեծ վստահութեան մասին»,– նշուած է ՀՖՖ-ի հաղորդագրութեան մէջ։

«Սա անգնահատելի նուէր է հայ երկրպագուներուն, հայկական ֆութպոլի աջակիցներուն եւ, անշուշտ, երիտասարդ ֆութպոլիստներուն, որոնք կարելիութիւնը պիտի ունենան զգալու Համաշխարհային բաժակի մթնոլորտը իրենց հայրենի հողին վրայ եւ երազելու մեծ յաղթանակներու մասին։ Սա բոլորիս յաղթանակն է։ Բարի գալուստ Համաշխարհային բաժակին, բարի գալուստ Հայաստան եւ Վրաստան։ Եկէ՛ք միասին պատրաստուինք հիւրընկալելու աշխարհի ուժեղագոյն երիտասարդական հաւաքականները»,- աւելցուցած է ՀՖՖ-ն։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատած է, որ Հայաստանի մէջ հանդիպումները տեղի պիտի ունենան Երեւանի, Վանաձորի եւ Իջեւանի մէջ, եւ թէ բոլոր անհրաժեշտ ենթակառոյցները այժմէն իսկ կը բարեկարգուին։

“Շուտով մենք գործնականապէս պիտի սկսինք նախապատրաստուիլ՝ մրցաշարքը պատշաճ մակարդակով հիւրընկալելու համար։ Սա շատ կարեւոր իրադարձութիւն է բոլորիս համար։ Կ՚ուզեմ շնորհաւորել Վրաստանը, կ՚ուզեմ շնորհաւորել բոլորս Հայաստանի մէջ՝ թէ՛ ֆութպոլիստները եւ թէ՛ երկրպագուները, այս կարեւոր իրադարձութեան եւ որոշման առիթով”,– ըսած է ան։

ՖԻՖԱ-ի մինչեւ 20 տարեկաններու Համաշխարհային բաժակի մրցաշարքը տեղի կ՚ունենայ երկու տարին անգամ մը եւ լայնօրէն կը նկատուի միջազգային կառոյցի տղամարդոց երրորդ ամենամեծ մրցաշարքը։ Յաջորդ՝ 2027-ի Համաշխարհային բաժակը պիտի հիւրընկալուի Ազերպայճանի եւ Ուզպէքիստանի կողմէ. Սա նոյնպէս առաջին անգամն է, որ մրցաշարքը պիտի կայանայ այս երկու երկիրներուն մէջ։ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ կայանալիք 2029-ի մրցաշարքը պիտի հետեւի միասնական հիւրընկալման այդ նոյն ձեւաչափին։