Եւրոպական խորհրդարանի նոր բանաձեւը՝ ի զօրակցութիւն Հայաստանի եւ արցախահայութեան

Եւրոխորհրդարան

Ապրիլ 30-ին, Եւրոպական խորհրդարանը ընդունեց կարեւոր բանաձեւ մը, որ լայնածաւալ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանին եւ վճռականօրէն կը պաշտպանէ արցախահայութեան իրաւունքները։ Ան կը կրէ հետեւեալ խորագիրը. «Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւ՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական դիմադրականութեան աջակցելու վերաբերեալ»։

Այս փաստաթուղթը առանձին նախաձեռնութիւն մը չէր, այլ՝ Եւրոպական խորհրդարանի գլխաւոր քաղաքական խմբակցութիւններուն (Աջակողմեան ԵԺԿ-ի, Ընկերվար-ժողովրդավարներու, Պահպանողականներու, Կեդրոնամէտ-ազատականներու եւ Կանաչներու) միացեալ առաջարկը, որուն ստորագրողներու շարքին կը գտնուին այնպիսի ազդեցիկ եւրոերեսփոխաններ, ինչպէս՝ Միրիամ Լեքսմանը, Տէյվիտ ՄըքԱլիսթըրը, Նաթալի Լուազօն, Քաթլին Վան Պրեմփթն ու Մարքեթա Կրեկորովան:

Բանաձեւը վաւերացուած է ճնշող մեծամասնութեամբ. կողմ քուէարկած է 476 երեսփոխան, դէմ՝ 47, ձեռնպահ մնացած՝ 48: Քուէարկութեան այս արդիւնքը ցոյց կու տայ խորհրդարանէն ներս տիրող լայն համախոհութիւնը բանաձեւին արծարծած հարցերուն շուրջ: Ճիշդ այս համընդհանուր մօտեցումն է, որ խստօրէն զայրացուցած է Պաքուն. այս որոշումը Խորհրդարանի գրեթէ «միաձայն» կեցուածքն է եւ ո՛չ թէ լուսանցքային կարծիք մը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Եւրոխորհրդարանի ընդունած բանաձեւին հիմնական բովանդակութիւնն ու գլխաւոր ուղղութիւնները.

Հայաստանը եւ յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ

  • Աջակցութիւն ժողովրդավարութեան եւ բարեփոխումներուն. Բանաձեւը կը վերահաստատէ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարութեան եւ հաստատութենական զարգացման՝ յատկապէս Եւրոպական Միութեան հետ երկրի մերձեցման ծիրին մէջ։
  • 2026-ի Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւնները. Փաստաթուղթը զօրավիգ կը կանգնի 2026 Յունիս 7-ին ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կայացման, միեւնոյն ժամանակ մտահոգութիւն յայտնելով արտաքին միջամտութեան փորձերուն, յատկապէս՝ Ռուսաստանի կողմէ եկող ապատեղեկատւութեան եւ համացանցային յարձակումներուն գծով։
  • Անվտանգութիւն եւ դիմադրականութիւն. Բնագիրը կ՚ողջունէ 2026 Ապրիլ 21-ին Հայաստանի մէջ ԵՄ գործընկերութեան առաքելութեան (EUPM Armenia) հաստատումը, որ կոչուած է օգնելու երկրին՝ դիմադրելու խառնաձեւ (հիպրիտային) սպառնալիքները։
  • ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններ. Խորհրդարանը կը քաջալերէ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան գործընկերութեան վերջնականացումը՝ թելադրելով Հայաստանի դուրս գալը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ)՝ ռուսական ազդեցութիւնը սահմանափակելու նպատակով։

Արցախի հարցն ու հիմնական իրաւունքները 

Բովանդակային առումով, բանաձեւը առանցքային տեղ կը յատկացնէ Արցախի հարցին։ Նախ եւ առաջ, եւրոպական բարձրագոյն կառոյցը կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել ներկայիս Ազերպայճանի մէջ պահուող բոլոր հայ գերիները։

Բանաձեւը կ՚անդրադառնայ Արցախէն տեղահանուած հայերու կացութեան եւ կը պահանջէ յարգել միջազգային մարդասիրական իրաւունքը։ Այս ծիրին մէջ, աներկբայ յստակութեամբ կը վերահաստատէ Արցախի հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը եւ համապարփակ աջակցութիւն կը յայտնէ անոնց հիմնական իրաւունքներու ամբողջութեան։ Վերջապէս, ընդառաջելով վերջին ահազանգերուն, Խորհրդարանը խստօրէն կը դատապարտէ տարածաշրջանին մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացումը։