Հայաստան-Հնդկաստան՝ ռազմական գործակցութեան

Ասրեան (ձախին)

Էդուարդ Ասրեան (ձախին)

Հայաստան եւ Հնդկաստան կը քննարկեն ռազմական արհեստագիտութեան միասնաբար մշակման հեռանկարները

Հնդկական The New Indian Express պարբերականին համաձայն, Երեւանն ու Տելին կը քննարկեն ռազմական արհեստագիտութեան միասնական մշակման, ռազմավարական գործակցութեան խորացման եւ բանակներու արդիականացման հարցեր։ Հայաստանի Զինուած ուժերու Սպայակոյտի պետ Էդուարդ Ասրեանի Հնդկաստան կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, կողմերը կ՚ուսումնասիրեն հնդկական զինատեսակներ, յատկապէս հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) համակարգեր, Հայաստանի մէջ արտադրելու կամ համատեղ ձեռնարկութիւններ ստեղծելու կարելիութիւնը։ Ըստ աղբիւրին, երկկողմ ռազմական գործակցութիւնը աւանդական գնորդ-վաճառող ձեւաչափէն կ՚անցնի տեղական արտադրութեան կազմակերպման փուլ: