Ռուսաստան կ՚արգիլէ «Ջերմուկ»-ի վաճառքը

Ջերմուկ

Ռուսաստանի սպառողներու պաշտպանութեան դաշնակցային գործակալութիւնը («Ռոսփոթրեպնատզոր»), արգիլած է Հայաստանէն ներածուած «Ջերմուկ» հանքային ջուրի մէկ միլիոն շիշի նոր խմբաքանակի վաճառքն ու շրջանառութիւնը Ռուսաստանի տարածքին։ Որոշումը հիմնուած է «հանքային ջուրի բաղադրութեան ստուգումներու եւ յայտնաբերուած անհամապատասխանութիւններու» վրայ։ Հայաստանի Սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմինը (ՍԱՏՄ) յայտնած է, որ Ռուսաստանէն առայժմ պաշտօնական գրութիւն չէ ստացած, սակայն սեփական նախաձեռնութեամբ վերահսկողութիւն եւ փորձաքննութիւն սկսած է «Ջերմուկ կրուփ» ընկերութեան մէջ, որուն արդիւնքները պիտի հրապարակուին ինչ ալ ըլլան։

Յիշեցնենք, որ այս նոր արգելքը կը յաջորդէ քանի մը օր առաջ 338 հազար շիշի խմբաքանակի մը արգիլման։ 2024-ին ալ Ռուսաստանի Վլատիքաւքազ քաղաքին մէջ պատահած էր ողբերգական միջադէպ մը, երբ սպառող մը մահացած էր «Ջերմուկ» պիտակով շիշէ մը խմելէ ետք (ուր ջուրի փոխարէն քացախ յայտնաբերուած էր)։ Ի դէպ, հայկական պատկան մարմինները հերքած էին նման մեղադրանք մը՝ պնդելով, որ նման բան թեքնիքապէս անկարելի է։ Այդ դէպքէն ետք Ռուսաստան արդէն իսկ կասեցուցած էր որոշ ժամանակահատուածի մը մէջ արտադրուած խմբաքանակներու վաճառքը, իսկ ներկայիս այդ սահմանափակումները կը տարածուին նաեւ նոր ներածուած շշալցումներուն վրայ։