Ի՞նչ փաստաթուղթ պիտի ընդունուի ԵՄ-Հայաստան հաւաքի աւարտին

ՀՀ-ԵՄ-EU-flags

Երեքշաբթի, Մայիս 5-ին Երեւանի մէջ կայանալիք Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն առաջին վեհաժողովի աւարտին կողմերը պիտի յայտարարեն յարաբերութիւնները ամրապնդելու իրենց պատրաստակամութեան մասին՝ առանց անդրադառնալու, սակայն, Եւրոպական Միութեան Հայաստանի հաւանական անդամակցութեան հարցին։

«Ազատութիւն» լրասփիւռը կը յայտնէ, թէ իր տրամադրութեան տակ ունի հաւաքի աւարտին ընդունուելիք միացեալ յայտարարութեան նախագիծը, ուր միայն կը նշուի, թէ «ԵՄ-ը կը վերահաստատէ իր անսասան յանձնառութիւնը՝ ամրապնդելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ եւ աջակցելու Հայաստանի դիմադրականութեան, բարեփոխումներու օրակարգին եւ երկարաժամկէտ զարգացման՝ Հայաստանը աւելի մօտեցնելով Եւրոպական Միութեան»։

Թէեւ շուրջ երեք տարի առաջ վարչապետ Փաշինեանը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ յայտարարած էր, թէ Հայաստանը պատրաստ է Եւրոպական Միութեան մօտ ըլլալու այնքան, որքան Պրիւսէլ կարելի կը նկատէ, եւ Խորհրդարանն ալ անցեալ տարի օրէնք մը ընդունած էր ԵՄ-ին անդամակցութեան գործընթաց սկսելու մասին, Հայաստան ժամանող եւրոպացի առաջնորդները չեն նախատեսեր հաւաքի աւարտին որեւէ յանձնառութիւն ստանձնելու այս ուղղութեամբ։ Փոխարէնը, կ՚ակնկալուի, որ Պրիւսէլը յայտարարէ Հայաստանի համար առանցքային նկատուող՝ մուտքի արտօնագրերու (վիզաներու) ազատականացման հարցին մէջ արձանագրուած «նշանակալի յառաջընթաց»-ին մասին։ Սա նախատեսուած քանի մը փուլերէն առաջինն է, եւ կ՚ակնկալուի, որ այս թափով բարեփոխումները կատարելու պարագային Հայաստանի քաղաքացիները երեք-չորս տարի ետք՝ այս տասնամեակի աւարտին, կարենան առանց մուտքի արտօնագրի այցելել Շենկէնեան գօտի։

Փաստաթուղթին մէջ յիշատակում չկայ նաեւ Հայաստանին նոր ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրելու հաւանականութեան մասին. յղում կը կատարուի միայն նախապէս յայտարարուած 270 միլիոն եւրոյին եւ 2,5 միլիառ եւրոյին, զորս Երեւանը կրնայ ստանալ դաշինքէն՝ ծրագրեր ներկայացնելով «Համաշխարհային դարպաս» (Global Gateway) ռազմավարութեան ծիրէն ներս։ Միւս կողմէ, կ՚ակնկալուի, որ Եւրոպական Միութեան առաջնորդները Երեւանի մէջ դիմեն եւրոպացի գործարարներուն՝ յորդորելով ներդրումներ ընել Հայաստանի մէջ։

Յստակ ներդրումային ծրագրերու շարքին կը նշուի Սեւ ծովով ելեկտրականութեան փոխանցման ստորջրեայ մալուխի նախագիծը, որով կը նախատեսուի Հարաւային Կովկասի ելեկտրացանցը կապել Եւրոպական Միութեան հետ եւ տարածաշրջանէն ելեկտրականութիւն մատակարարել դէպի Եւրոպա։ Այս նախագիծին մասին Պրիւսէլ բազմիցս խօսած է, սակայն տակաւին զայն կեանքի կոչելու ուղղութեամբ քայլերու չեն ձեռնարկուած։

Կ՚ակնկալուի, որ Եւրոպական Միութեան առաջնորդները նաեւ վերստին իրենց աջակցութիւնը յայտնեն Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան գործընթացին։ Միացեալ յայտարարութեան նախագիծին մէջ, սակայն, խօսք չկայ Արցախէն տեղահանուած հայերու, անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան կամ Պաքուի մէջ ազատազրկուածներուն մասին։

Յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ամիս մը առաջ ընդունուելիք փաստաթուղթին մէջ Եւրոպական Միութեան առաջնորդները նաեւ կ՚ընդգծեն. «Հայաստանի ապագան պէտք է որոշուի ազատ եւ ժողովրդավարական ճանապարհով՝ իր քաղաքացիներուն կողմէ, առանց արտաքին ճնշումի»։

Կողմերուն միջեւ այս առաջին վեհաժողովին պիտի մասնակցին Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոշթան, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարն ու Գանատայի վարչապետը։ Վեհաժողովի առանցքին պիտի ըլլան նաեւ միջազգային հարցեր, ներառեալ՝ Իրանի եւ Ուքրաինայի մէջ ստեղծուած կացութիւնը։