Պատմական համաժողով Երեւանի մէջ
Screenshot
Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովը
Հայաստանի մայրաքաղաքը, Մայիս 4-ին, «Կարէն Դեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ կը հիւրընկալէր Եւրոպական քաղաքական համայնքի (ԵՔՀ) 8-րդ վեհաժողովը, որուն շրջանակէն ներս կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկան պետութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու ղեկավարներ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք վեհաժողովին ելոյթ ունեցող ղեկավարներուն խօսքերէն յատկանշական հատուածներ.

Անթոնիօ Գոշթա, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ
“Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ այն խիզախ քաղաքական որոշումներուն համար, զորս ան կայացուցած է՝ Հայաստանը աւելի մօտեցնելով Եւրոպական Միութեան։ Այս վեհաժողովը պատմական է, քանի որ առաջին անգամ ըլլալով ԵՔՀ-ի համաժողովը տեղի կ՚ունենայ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ան պատմական է, քանի որ այսօրուան վեհաժողովը կարելի դարձած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ կնքուած համաձայնագրին շնորհիւ. այդ համաձայնագիրը Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան պատմութիւն մըն է, –որ պէտք է նշանակման արժանանայ մեր այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր կը գերիշխեն լարուածութիւնն ու պատերազմները,– պատմական է, քանի որ վեհաժողովին կը մասնակցի նաեւ ոչ-եւրոպացի գործընկեր՝ Գանատայի վարչապետը”։
Քայա Քալաս, ԵՄ-ի Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձրագոյն ներկայացուցիչ
“Եւրոպան աշխարհագրութիւն չէ, ան արժէքներ եւ սկզբունքներ է, այդ պատճառով մենք շատ ուրախ ենք հոս ողջունելով Գանատան:
Այս վեհաժողովին Երեւանի մէջ գումարումը ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն կարեւոր է Կովկասը, յա՛տկապէս հիմա, երբ Իրանի մէջ պատերազմ կ՚ընթանայ: Մենք կը խօսինք փոխկապակցուածութեան մասին, բայց նաեւ՝ դիմադրականութեան մասին՝ ի դէմս մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն”։
Նիկոլ Փաշինեան, Հայաստանի վարչապետ
“Այժմ մենք խաղաղութիւն ձեռք բերած ենք Ազերպայճանի հետ։ Արդէն երկու տարի է, որ Ազերպայճանի հետ փոխհրաձգութիւններու հետեւանքով զոհեր չենք ունեցած, եւ ասոնք աննախադէպ տարիներ են մեր անկախութենէն ի վեր։ Այժմ մենք սերտօրէն կը համագործակցինք Ազերպայճանի հետ՝ մեր երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութիւնը ամրապնդելու եւ հաստատութենականացնելու համար։ Սա նաեւ առաջին անգամն է, որ Ազերպայճանի նախագահը կը մասնակցի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող միջոցառումի մը, թէեւ առցանց ձեւաչափով։
Կը յուսամ, որ 2028-ին կարելիութիւնը պիտի ունենամ այցելելու Ազերպայճան՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 10-րդ վեհաժողովին մասնակցելու համար։ Ի դէպ, Հայաստանը եւ Ազերպայճանը փոխադարձաբար աջակցած են մէկզմէկու թեկնածութիւններուն՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովներու կազմակերպման համար”։
Իլհամ Ալիեւ, Ազերպայճանի նախագահ (տեսակապի միջոցով)
“«Թրամփի ուղին յանուն խաղաղութեան եւ բարգաւաճման” պիտի հասնի Հայաստանի վրայով դէպի Նախիջեւան, եւ պիտի դառնայ Միջին միջանցքի մէկ մասը: Թէ՛ Հայաստանը, եւ թէ՛ Ազերպայճանը արդէն կը տեսնեն խաղաղութեան գործնական օգուտները:
2023 Սեպտեմբերին Ազերպայճանը Ղարաբաղի մէջ վերջ դրաւ անջատողականութեան: Հակառակ բոլոր այն մարդոց ջանքերուն, որոնք կը փորձեն խաթարել այս գործընթացը, Ազերպայճանը կը միտի խաղաղութեան օրակարգին, եւ իմ հայ գործընկերոջս ելոյթը ատիկա շատ յստակօրէն ընդգծեց”:
Էմանիւէլ Մաքրոն, Ֆրանսայի նախագահ
“Նիկոլ Փաշինեանի վերջին տարիներու աշխատանքը Հայաստանի մէջ շատ տպաւորիչ է։ Եկէք անկեղծ ըլլանք. 8 տարի առաջ հոս ոչ ոք կու գար։ Եւ այն փաստը, որ այսօր այսքան շատ այցելութիւններ կը կատարուին ձեր երկիրը, լաւ ազդանշան է։
Նախապէս շարք մը երկիրներ Հայաստանը այլ կերպ կը դիտարկէին. 8 տարի առաջ այս սեղանին շուրջ գտնուող շատ մը երկիրներ Հայաստանը կը գնահատէին որպէս Ռուսաստանի իրական արբանեակ։ Նիկոլ Փաշինեանը կազմակերպեց թաւշեայ յեղափոխութիւնը եւ որոշեց իր երկիրը պաշտպանել Ռուսաստանէն։ Եւ այդ պատճառով ան ենթարկուած է եւ կը շարունակէ ենթարկուիլ ամէնօրեայ յարձակումներու։
Կարեւոր է Հայաստանի եւրոպական ընտրութիւնը. աշխարհի եւ Եւրոպայի մասին անոր (Փաշինեանի) կայացուցած որոշումը շատ ուժեղ ազդանշան է”։
***
Կ՚արժէ նշել, որ Մաքրոնի՝ «8 տարի առաջ հոս ոչ ոք կու գար» արտայայտութիւնը բաւական աղմուկ բարձրացուցած է ընդդիմադիր շրջանակներուն մէջ եւ անկէ դուրս։ Շատեր, թուարկելով տարիներու ընթացքին Հայաստան ժամանած միայն ֆրանսացի բարձրաստիճան դէմքերուն եւ նախագահներուն անունները՝ կը պնդեն, թէ Ֆրանսայի նախագահին յայտարարութիւնը հիմնազուրկ է։ Սակայն, հաւանաբար նախագահ Մաքրոն նկատի չունէր առանձին անհատներու այցելութիւնները, այլ կ՚ակնարկէր նմանօրինակ մեծ վեհաժողովի մը գումարումին՝ Հայաստանի մէջ։
Վոլոտիմիր Զելենսքի, Ուքրաինայի նախագահ
“Ուքրաինան Հայաստանին ու Ազերպայճանին կը մաղթէ բացառապէս խաղաղութիւն:
Շատ կարեւոր է, որ Հայաստանը այսօր հանդէս կու գայ բոլոր եւրոպացիներուն հետ. ի դէպ, 24 տարուան ընթացքին առաջին անգամն է, որ Ուքրաինայի նախագահը կ՚այցելէ Հայաստան. սա, իսկապէս նշանակալի փաստ է, սա ցոյց կու տայ մեր միասնականութեան աստիճանը”։
