«Ազատ արձակեցէ՛ք հայ գերիները»
Արցախցիներու կոչը՝ Երեւանի մէջ համախմբուած եւրոպացի ղեկավարներուն
Մինչ Երեւանի «Կարէն Դեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ սկիզբ կ՚առնէր Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովը՝ համախմբելով եւրոպական գլխաւոր կառոյցներու ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները, Արցախէն տեղահանուած հայեր հաւաքուած են՝ իրենց ձայնը լսելի դարձնելու համար։
Բողոքի այս ցոյցը, որ անմիջականօրէն ուղղուած էր քաղաքին մէջ գտնուող եւրոպացի առաջնորդներուն, կոչ կ՚ընէր ազատ արձակելու Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ գերիները։ Տասնեակ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու Երեւան գտնուելու պայմաններուն մէջ, տեղահանուած համայնքը այս վեհաժողովը նկատած էր հազուադէպ եւ վճռորոշ պատեհութիւն մը՝ բարձրացնելու համար իրեն համար կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերը։
