Նոր էջ հայ-բրիտանական յարաբերութիւններուն մէջ
Կնքուած է ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր
Մինչ Հայաստան կը շարունակէ ընդլայնել իր յարաբերութիւնները միջազգային գործընկերներու հետ, նոր համաձայնագրեր կը կնքուին։ Անոնցմէ վերջինը Միացեալ Թագաւորութեան հետ Ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիրի կնքումն է։ Երկուշաբթի, Մայիս 4-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած՝ Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ Քիր Սթարմըր ստորագրած են երկու երկիրներուն միջեւ Ռազմավարական գործընկերութեան մասին միացեալ յայտարարութիւն մը։
“Քիր Սթարմըրի հետ Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ Ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ այսօրուան միացեալ յայտարարութեամբ, մենք կը բանանք հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու նոր եւ խոստմնալից էջ մը, կառուցուած՝ հասարակաց արժէքներու եւ ամրապնդուած՝ համագործակցութեան վրայ”,– յայտնած է Փաշինեան։
