Պրիւսէլ — Գրաքննութիւն՝ վախի մթնոլորտի մէջ 

Պրիւսէլ

Կասեցուած է 1915-ի ցեղասպանութիւններուն նուիրուած գիրքի մը դասաւանդումը

Պրիւսէլի որոշ դպրոցներու մէջ 20-րդ դարու ողբերգութիւնները, յատկապէս 1915 թուականի Հայոց, ասորիներու (Սայֆօ) եւ պոնտոսցի յոյներու ցեղասպանութիւնները շօշափող վէպի մը* դասաւանդումը դադրեցուած է: Որոշումին պատճառը, ըստ հաղորդուած պատճառաբանութիւններուն՝ հաւանական հակազդեցութիւններէ եւ լարումներէ խուսափիլն է:

Այս երեւոյթը լուրջ մտահոգութեան ալիք բարձրացուցած է։ Կը նշուի, որ պատմութեան ուսուցման պարագային նման վարանումը ուղղակի հարուած է կրթական համակարգին եւ հասարակութեան, ինչ որ կը նպաստէ հաւաքական յիշողութեան կորուստին, անտարբերութեան եւ ժխտողականութեան: Հակառակ անոր որ այս ցեղասպանութիւնները պատմականօրէն հաստատուած եւ փաստագրուած իրողութիւններ են, վախի մթնոլորտը սկսած է սահմանափակել գիտելիքի փոխանցումը, եւ գիրք մը պարզապէս մէկդի դրուած է անոր «անհանգստացնող» բովանդակութեան պատճառով:

Խնդիրը յատկապէս հրատապ կը նկատուի արդի զարգացումներու լոյսին տակ: Կը յիշեցուի, որ 2023-ին՝ շրջափակումէ ետք ռազմական յարձակումներու ենթարկուած աւելի քան 100 հազար հայեր բռնագաղթեցին Արցախէն, ուր այժմ կը շարունակուի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը՝ միջազգային հանրութեան կատարեալ անտարբերութեան պայմաններուն մէջ։ Զուգահեռաբար, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ արեւելեան քրիստոնեայ համայնքները՝ Սայֆոյի վերապրողներուն ժառանգորդները, կը շարունակեն ապրիլ հալածանքներու եւ մշտական սպառնալիքներու տակ։

Այս բոլորին հիման վրայ, կոչ կ՚ուղղուի ամբողջութեամբ ճանչնալու 1915-ի բոլոր ցեղասպանութիւնները։ Սա կը պահանջուի ոչ թէ նոր պառակտումներ սերմանելու կամ թիրախաւորելու, այլ զոհերուն նկատմամբ արդարութիւնը վերականգնելու եւ նման ոճիրներու կրկնութիւնը՝ այսօր թէ վաղը, կանխելու նպատակով։

Կը շեշտուի, որ դպրոցը պէտք է մնայ գիտելիքի, ազատութեան եւ պատասխանատւութեան վայր, այլապէս պատմութիւնը պիտի գրուի ուրիշներու կողմէ կամ պարզապէս լռութեան պիտի մատնուի, ինչ որ անընդունելի է:

______

* Վէպը կը կոչուի « Fugues » («Փախուստներ»)։ Հեղինակն է Պենետիքթ Մոնուա (Bénédicte Monnoye)։ Հատորը լոյս տեսած է «Փալմիր» հրատարակչատունէն։