Փոխադարձ պարգեւատրումներ պետական ընթրիքի ընթացքին 

Մաքրոն-շքանշաններ

Մաքրոն, Խաչատուրեան եւ Փաշինեան արժանացած են բարձրագոյն շքանշաններու

Նախագահ Մաքրոնի Հայաստան կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, իրեն ի պատիւ կազմակերպուած պետական ընթրիքի ընթացքին, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ղեկավարները փոխանակած են պետական բարձրագոյն պարգեւներ։

Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի որոշումով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն ու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պարգեւատրուած են Ֆրանսայի բարձրագոյն՝ «Պատուոյ լեգէոնի Մեծ խաչ» (Grand-Croix de la Légion d’honneur) շքանշանով: Անոնք այս պատիւին արժանի նկատուած են՝ ի գնահատանք Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ իրենց ունեցած նշանակալի ներդրումին։ Պարգեւները հայ ղեկավարներուն անձամբ յանձնած է նախագահ Մաքրոնը։

Իր կարգին, Հայաստանի նախագահին հրամանագրով Էմանիւէլ Մաքրոնը պարգեւատրուած է «Փառքի» շքանշանով, զոր անոր յանձնած է Վահագն Խաչատուրեանը։ Այս պարգեւը Ֆրանսայի նախագահին շնորհուած է՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու զարգացման, ինչպէս նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման գործին մէջ ունեցած իր անձնական նշանակալի աւանդին համար։