Անիի կամուրջի համատեղ վերականգնում 

Անիի կամուրջ

Հայաստան եւ Թուրքիա յուշագիր ստորագրած են

Հայաստանն ու Թուրքիան ստորագրած են Անիի կամուրջի վերականգնման շուրջ համաձայնագիր մը. այս մասին գրած եւ լուսանկարներ հրապարակած է Երեւան գտնուող Թուրքիոյ փոխնախագահ Ճեւտէթ Եըլմազը։

«Կը հաւատանք, որ համագործակցութեան խորհրդանշական եւ շօշափելի մարզերը, ինչպէս՝ Անիի կամուրջին համատեղ վերականգնումը, որու մասին փոխըմբռնման յուշագրին տակ այսօր մեր ստորագրութիւնը դրինք, նոյնպէս պիտի նպաստեն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մնայուն մթնոլորտի ձեւաւորման»,– նշած է Եըլմազ։

Իր կարգին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «X»-ի իր էջին վրայ գրած է. «Արդիւնաւէտ զրոյց ունեցայ Թուրքիոյ փոխնախագահին հետ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմանի եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան կարելիութիւններուն։ Ողջունուեցաւ պատմական Անիի կամուրջի համատեղ վերակառուցման վերաբերեալ արձանագրութեան ստորագրումը»։