Հայ-ֆրանսական ռազմավարական գործընկերութեան հաստատում եւ Մաքրոնի աջակցութիւնը Հայաստանին
Screenshot
Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի պետական այցի ծիրէն ներս կազմակերպուած պետական ընդունելութեան ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր բաժակաճառին մէջ ընդգծած է, որ Ֆրանսայի նախագահին աջակցութիւնը եղած է ոչ միայն հաստատութենական, այլեւ՝ անձնական մակարդակով, ինչ որ շրջադարձային նշանակութիւն ունեցած է երկրին համար։ Ան յայտնած է, որ երկու երկիրներու բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները շուտով պիտի ամրագրուին ռազմավարական գործընկերութեան նոր փաստաթուղթով։ Փաշինեան յատկապէս արժեւորած է 2022-ին Փրակայի հանդիպումին Մաքրոնի ցուցաբերած վճռակամութիւնն ու սկզբունքայնութիւնը, որոնք հիմք հանդիսացած են Հայաստանի անվտանգութեան եւ զարգացման նոր ռազմավարութեան՝ երկիրը դուրս բերելով պարզապէս «գոյատեւելու» օրակարգէն։

Մաքրոն կը վերահաստատէ Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանին
Իր կարգին, նախագահ Մաքրոն վերահաստատած է, որ Փարիզ կանգած է Երեւանի կողքին՝ զուտ արդարութեան սկզբունքէն մեկնելով, անկախ որեւէ քաղաքական կամ տնտեսական հաշուարկէ։ Բարձր գնահատելով Հայաստանի ղեկավարութեան խիզախութիւնը՝ ընտրելու խաղաղութեան, կայունութեան եւ եւրոպական արժէքներու ուղին, ան նշած է, որ ռազմավարական գործընկերութեան սպասուող համաձայնագիրը նոր էջ պիտի բանայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ՝ ընդգրկելով տարբեր մարզեր։

Մաքրոն կը խոստանայ Պաքուի հայ գերիներու հարցը քննարկել Ալիեւի հետ
Միւս կողմէ, նախքան պետական ընդունելութիւնը, Մաքրոն լրագրողներուն յայտնած է, որ Ազերպայճանի նախագահին հետ անպայման պիտի քննարկէ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող 19 հայ գերիներուն հարցը՝ նախապէս խորհրդակցելով Հայաստանի ղեկավարութեան հետ: Անդրադառնալով Երեւանի մէջ կայացած Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին՝ Ֆրանսայի նախագահը զայն կարեւոր իրադարձութիւն նկատած է։ Ան ընդգծած է դէպի Եւրոպա Հայաստանի կատարած շրջադարձը՝ դիտել տալով, որ երկիրը յաջողած է թօթափել Ռուսաստանէն ունեցած նախկին կախուածութիւնը եւ բռնել զարգացման ուղին։
