Էմանիւէլ Մաքրոն այցելած է Մատենադարան

Sans titre-1

Հայաստան կատարած պետական այցելութեան շրջանակին մէջ, նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն Մայիս 5-ին այցելած է «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարան։

Ֆրանսայի նախագահը, Մշակոյթի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի եւ Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանի ընկերակցութեամբ, շրջած է Մատենադարանին մէջ եւ ծանօթացած ցուցադրուած ձեռագրերուն։

Ան ծանօթացած է նաեւ հաստատութեան ֆրանսական սրահին մէջ ցուցադրուած նմուշներուն եւ գրառում մը կատարած պատուոյ հիւրերու յուշամատեանին մէջ։

Նշենք, որ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովին մասնակցելու համար Մայիս 3-ին Հայաստան ժամանած նախագահ Մաքրոնի պետական այցելութիւնը պաշտօնապէս կը սկսէր միայն Մայիս 5-ին։ Այցելութեան պաշտօնական օրակարգը կ՚ընդգրկէր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ առանձնազրոյց, որուն յաջորդեց երկու երկիրներու առաջնորդներուն ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: Փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութենէն ետք, Նիկոլ Փաշինեանն ու Էմանիւէլ Մաքրոնը հանդէս եկան միացեալ մամլոյ ասուլիսով: Այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանսայի նախագահը վարչապետ Փաշինեանի հետ այցելեց նաեւ Գիւմրի։