Թուրքիա կը հերքէ Յունիս 4-ին Հայաստանի հետ սահմանի բացման մասին լուրերը

Թուրքիա-սահման

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները հերքած են լրասփիւռներուն մէջ հրապարակուած տեղեկութիւնները՝ Հայաստանի հետ սահմանի բացման թուականին վերաբերեալ։

Ազերպայճանական «Azertac» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Անգարայի դիւանագիտական աղբիւրները յայտարարած են, որ Հայաստանի հետ սահմանային անցակէտի բացման յստակ թուական մը տակաւին չէ որոշուած։

«Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին ծիրէն ներս, որ արդէն չորս տարի է կը շարունակուի, ցայժմ ձեռնարկուած են վստահութեան ամրապնդման բազմաթիւ քայլեր՝ ընդգրկելով փոխադրամիջոցներու, մշակոյթի, առեւտուրի եւ կրթութեան մարզերը։ Սահմանի հարցով նոյնպէս կը տարուին նախապատրաստական աշխատանքներ։ Որոշումներ կայացուելու պարագային՝ անոնք կարելի եղածին չափ արագ կեանքի կը կոչուին»,– կը նշուի յայտարարութեան մէջ։

«Azertac»-ը, յղում կատարելով Անգարային, կ՚աւելցնէ. «Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք մեր երկրին եւ Հայաստանի միջեւ գործընթացը նոր թափ պիտի ստանայ։ Սակայն սահմանային անցակէտերու բացման ժամանակացոյց առայժմ չկայ»։

Յիշեցնենք, որ նախապէս թրքական «Cumhuriyet» օրաթերթը գրած էր, թէ Հայաստանի հետ սահմանային անցակէտի բացումը կը նախատեսուի Յունիս 4-ին։