ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը՝ ՀՀ-ԵՄ վեհաժողովին մասին

Հայ-Դատ-Եւրոպա-1024x576

ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը Մայիս 6 թուակիր իր յայտարարութեամբ կ՚ողջունէ Երեւանի մէջ կայացած ԵՄ-Հայաստան անդրանիկ վեհաժողովն ու եւրոպացի ղեկավարներու (Անթոնիօ Գոշթա եւ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէն) ներկայութիւնը, սակայն կը շեշտէ, որ այդ դիւանագիտական քայլերը պէտք է այժմ վերածուին Հայաստանի գերիշխանութիւնն ու ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանող գործնական արարքներու։

Յայտարարութեան հիմնական շեշտադրումները հետեւեալներն են.

– ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններու հիմքը հանդիսացող Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը (CEPA) կը պահանջէ դատական խիստ բարեփոխումներ, ընտրական արդարութիւն, ընդդիմութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ զանգուածային լրասփիւռներու անկախութիւն, որպէսզի Հայաստանի ապագան որոշուի միայն իր քաղաքացիներուն կողմէ, զերծ՝ արտաքին միջամտութիւններէ:

– Համատեղ հռչակագիրով նախատեսուած ուժանիւթի, կապակցուածութեան եւ թուային ենթակառոյցներու ծրագրերը չեն կրնար ապահովել Հայաստանի անմիջական անվտանգութիւնը, եթէ անոնք չուղեկցուին տարածաշրջանային յարձակողապաշտութեան դէմ յստակ կեցուածքով:

– Գրասենեակը խոր յուսախաբութիւն կը յայտնէ պաշտօնական քննարկումներուն մէջ Արցախի հարցին ի սպառ անտեսման համար։ Վեհաժողովը լուռ մնացած է, հակառակ Եւրոպական խորհրդարանի Ապրիլ 30-ի բանաձեւին, որ յստակօրէն կը պահանջէր. 

  • Դատապարտել Արցախի հայութեան ցեղային զտումը:
  • Անյապաղ ազատ արձակել Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներն ու ռազմագերիները:
  • Պաշտպանել Ազերպայճանի կողմէ ոչնչացուող հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը:

Եւրոպական Միութիւնը պէտք է գործէ իր իսկ ժողովրդավարական սկզբունքներով եւ պատասխանատւութեան ենթարկէ Ազերպայճանը իր յանցագործութիւններուն համար։ Ռազմավարական տնտեսական ծրագրերը չեն կրնար իրագործուիլ իրենց հայրենի տուներէն տեղահանուած 150.000 հայերու արդարութեան հաշուոյն։