Գարեգին Բ. կը զօրակցի Սամուէլ Կարապետեանին
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը այցելած է ռուսահայ գործարարին
Ինչպէս կը կանխատեսուէր, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. կը զօրակցի ռուսահայ գործարար, «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանին, որ ներկայիս կը գտնուի տնային կալանքի տակ։
Հետաքրքրական է, որ Կաթողիկոսը սա կ՚ընէ բացայայտօրէն եւ նոյնիսկ՝ Մայր Աթոռի տեղեկատուական միջոցներու ներգրաւմամբ, ինչ որ սուր քննադատութիւններու պատճառ դարձած է։
Արդարեւ, Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգն իսկ հրապարակած է տեղեկութիւնը, որ Գարեգին Բ. այցելած է Սամուէլ Կարապետեանի տունը, օրհնած է զայն ու յայտնած իր աջակցութիւնը։
Տեղեկատւութեան կից նաեւ լուսանկարներ հրապարակուած են, որոնք կը վկայեն Կաթողիկոսին եւ միլիառատէր գործարարին միջեւ ընթացած ջերմ զրոյցին մասին։
