ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ — Հայերը՝ ամենահալածուած քրիստոնեաները
RFDC-ի նոր տարեկան զեկոյցին համաձայն՝ 2025-ին հայերը Երուսաղէմի ամենահալածուած քրիստոնեաները եղած են. 150 յարձակումներէն 43-ը տեղի ունեցած են միայն Հայկական թաղամասին մէջ
Կրօնական ազատութեան տուեալներու կեդրոնի (RFDC) վերջերս հրապարակած տարեկան ամփոփագրին համաձայն՝ 2025-ին հայերը Երուսաղէմի մէջ ամենահալածուած քրիստոնեայ համայնքն էին: Քաղաքին մէջ քրիստոնեաներու դէմ արձանագրուած 150 յարձակումներէն 43-ը տեղի ունեցած է միայն Հայկական թաղամասին մէջ։
Այս մասին յայտնած է սաղիմահայ լրագրող Գեղամ Պալեան։
Հայկական թաղամասը արձանագրած է աւելի շատ միջադէպ, քան Երուսաղէմի որեւէ այլ վայր՝ գերազանցելով Վիա Տոլորոզան (32), Արեւմտեան Երուսաղէմը (22), Սիոն լեռը (18), Յոպպէի դուռը (17) եւ Հին քաղաքի այլ վայրերը (12)։
Ամբողջ Իսրայէլի տարածքին, RFDC-ն 2025-ին արձանագրած է քրիստոնեաները, քրիստոնէական խորհրդանիշներն ու հաստատութիւնները թիրախաւորող հալածանքի 181 միջադէպ։ Ճնշող մեծամասնութիւնը կեդրոնացած էր Երուսաղէմի մէջ (150 դէպք), իսկ մնացեալ 18-ը՝ Հայֆայի եւ Հիւսիսի, իսկ 13-ը՝ Կեդրոնի եւ Հարաւի մէջ։
Թքելը մնացած է հալածանքի ամենատարածուած ձեւը՝ կազմելով բոլոր միջադէպերու մօտաւորապէս 60 առ հարիւրը (կամ շուրջ 109 դէպք)։ Բանաւոր հալածանքները, ներառեալ վիրաւորանքները, սպառնալիքներն ու պոռչտուքը, կազմած են 18 առ հարիւր (32 միջադէպ), որոնց յաջորդած են վանդալական արարքները եւ կրօնական խորհրդանիշներու վնասումը՝ 12 առ հարիւր (22 միջադէպ)։ Ֆիզիքական բռնութիւնը կազմած է դէպքերու 5 առ հարիւրը (9 միջադէպ), սրբավայրերու պղծումը եւ նուաստացուցիչ վարքագիծը՝ 3 առ հարիւր (6 միջադէպ), իսկ առցանց հրահրումը՝ 2 առ հարիւր (3 միջադէպ)։ RFDC-ն նշած է, որ շատ մը դէպքեր ընդհանրապէս չեն զեկուցուիր, իսկ միւսները կը ներկայացուին չափազանց ուշ՝ եռամսեայ հաշուարկներուն մէջ ընդգրկուելու համար, ինչ որ կը նշանակէ, թէ երեւոյթին իրական ծաւալը վստահաբար աւելի մեծ է։
