Հայաստանի բնակչութեան թիւը 2026 Ապրիլին գերազանցած է 3,1 միլիոնը
Հայաստանի բնակչութեան թիւը 2026 Ապրիլին գերազանցած է 3,1 միլիոնը՝ տարեկան հաշուով աւելնալով 0,6 % կամ 19 հազար հոգի։ Այս մասին կը վկայեն Հայաստանի Վիճակագրական յանձնախումբի տուեալները։
Վերոնշեալ ամսուան վերաբերող հաշիւներու դրութեամբ՝ յատկապէս քաղաքային բնակչութիւնը կը կազմէ 1,981 միլիոն հոգի կամ ընդհանուր թիւին 63,8 առ հարիւրը (տարեկան աճը՝ 0,4 առ հարիւր), իսկ գիւղերուն մէջ կը բնակի աւելի քան 1,119 միլիոն հոգի կամ ընդհանուր թիւին 36,2 առ հարիւրը (տարեկան աճը՝ 1,1 առ հարիւր)։
Այս հաշուով՝ Երեւանի բնակչութիւնը տարեկան աւելցած է 0,5 առ հարիւր կամ 6 հազար հոգի՝ կազմելով աւելի քան 1,148 միլիոն հոգի։ Այլ խօսքով՝ մայրաքաղաքին մէջ կեդրոնացած է երկրին բնակչութեան ընդհանուր թիւին 37 առ հարիւրը։
Ըստ վիճակագրական տուեալներուն՝ Երեւանէն ետք ամէնէն բազմամարդ մարզը Կոտայքն է՝ 298,2 հազար հոգի։ Կը յաջորդեն Արմաւիրի եւ Արարատի մարզերը՝ համապատասխանաբար 271,3 հազար հոգի եւ 271 հազար հոգի, Շիրակի մարզը՝ 242,2 հազար, Լոռին՝ 229,1 հազար, Գեղարքունիքի մարզը՝ 217,5 հազար, Արագածոտնը՝ 136,1 հազար, Տաւուշը՝ 118,7 հազար, Սիւնիքը՝ 118,2 հազար, եւ Վայոց ձորը՝ 49,4 հազար։
