Ախալցխայի Սուրբ Նշան հայկական եկեղեցին զոհ՝ վանդալական արարքի

Zartonk Web Thumbnail - 2

Տեղացի Հայերը Նոյն Օրը Վերականգնած են Սրբապատկերները

Վրաստանի Սամցխէ-Ջաւախք տարածաշրջանի Ախալցխա քաղաքին մէջ, անծանօթներ գիշերուան ընթացքին հանած են պատմական Սուրբ Նշան հայ առաքելական եկեղեցւոյ սրբապատկերները եւ զանոնք նետած աղբամանի մը մէջ։ Ըստ sknews.ge կայքին, տեղացի հայ բնակիչները նոյն օրը գտած են սրբապատկերները եւ զանոնք վերադարձուցած եկեղեցի։

Վրաստանի Ներքին գործոց նախարարութիւնը քրէական գործ յարուցած է կրօնական ծիսակատարութիւններու ապօրինի խոչընդոտման յօդուածով։ Ախալցխայի շրջանի հոգեւոր հովիւ Յակոբ քահանայ Սահակեանը յայտնած է, թէ ծանօթ չէ, թէ ովքե՛ր եւ ի՛նչ նպատակով կատարած են այս արարքը։

1862-ին կառուցուած Սուրբ Նշան եկեղեցին խորհրդային տարիներուն փակուած էր եւ վերածուած արխիւի ու թանգարանի։ 1989-էն ի վեր եկեղեցւոյ կարգավիճակը կը մնայ վիճելի։ Վրացական կողմը, յենլով որոշ գիտնականներու պնդումներուն վրայ, կը յաւակնի եկեղեցիին՝ պնդելով, որ ան կառուցուած է վրացական հին եկեղեցւոյ հիմքերուն վրայ։ Հայկական թեմը կը հերքէ այս պնդումները՝ զանոնք որակելով թիւրիմացութիւն։ Դժբախտաբար, նման կամ նմանատիպ հարցերու դէմ-յանդիման կը գտնուին վրացահայ այլ եկեղեցիներ ալ։

Սուրբ Նշանը այն պատմական հայկական եկեղեցիներէն մէկն է, որոնց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վերադարձը պաշտօնապէս պահանջած է Վիրահայոց թեմը, սակայն Վրաստանի կառավարութիւնը դեռ չէ արձագանգած։

Այս միջադէպը մաս կը կազմէ Վրաստանի մէջ հայկական եկեղեցական ժառանգութեան իւրացման կամ անտեսման աւելի լայն քաղաքականութեան։ Թեմը գոյքագրած է աւելի քան 440 հայկական եկեղեցիներ, որոնք կը գտնուին անորոշ վիճակի մէջ. ոմանք աւերակ են, միւսները վերաօծուած են որպէս վրաց ուղղափառ՝ մաքրելով հայկական արձանագրութիւններն ու ճարտարապետական հետքերը։

Յօդուածը կը յիշեցնէ նաեւ Թիֆլիսի հայկական եկեղեցիներու տխուր վիճակը, ուր ժամանակին գործող աւելի քան երկու տասնեակ եկեղեցիներէն այսօր կը գործեն միայն երկուքը։ Օրինակ՝ Թիֆլիսի Սուրբ Երրորդութեան մայր տաճարը կառուցուած է հայկական պատմական Խոջիվանքի պանթէոնի տարածքին