Ըստ Փաշինեանի՝ ընդդիմադիրներու խօսոյթը չի նպաստեր գերիներու հարցի լուծման

Փաշ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 14-ին անդրադառնալով Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ գերիներու հարցին՝ ըսած է, թէ իրենց կարելին կ’ընեն անազատութեան մէջ գտնուող անձերու խնդիրը շուտափոյթ լուծելու համար, միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ ընդդիմադիր ուժերու խօսոյթը չի նպաստեր խնդրին լուծման:

“Այն խօսոյթը, զոր կը գործածեն ընդդիմադիր ուժերը, զորս ես կ՚անուանեմ պատերազմի եռագլուխ կուսակցութիւն, չի նպաստեր, որ այդ մարդոց խնդիրը լուծուի, որովհետեւ Ազերպայճանի մէջ ալ կը հետեւին քաղաքական խօսոյթին: Հիմա կը տեսնեն Իշխանեանի (խօսքը Ազերպայճանի մէջ պահուող Արցախի ԱԺ նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի մասին է – խմբ.) կուսակցական ընկերները Հայաստանի մէջ ինչպիսի՞ խօսոյթով հանդէս կու գան. Հիմա, այդ մէկը կ՚ազդէ՞ ընդհանուր գործընթացին վրայ. անշո՛ւշտ կ՚ազդէ: Կամ պարոն Բաբայեանի (խօսքը Ազերպայճանի մէջ պահուող Արցախի նախկին Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի մասին է – խմբ.) կուսակիցներն ու համախոհները Հայաստանի մէջ ինչպիսի՞ խօսոյթով հանդէս կու գան: Այսինքն՝ եթէ նոյն Դաշնակցութիւնը կը զարգացնէ այն միտքը, թէ Ղարաբաղը ետ պիտի բերենք, տրամաբանակա՞ն է, որ Ազերպայճանը փորձէ նոյն քաղաքական ուժի ներկայացուցիչը ժամ առաջ ազատ արձակել, որ երթայ միանա՞յ այդ գործընթացին. պարզ է, չէ՞, որ այդ մէկը հակամարտութեան խօսոյթ է եւ պիտի յանգեցնէ որոշ պահու մը որոշ դրսեւորման”,– լրագրողներու հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Ան դարձեալ նշած է, որ թէ՛ միջազգային գործընկերներու հետ, թէ՛ Ազերպայճանի հետ խօսելու ատեն կը նշեն՝ «հակամարտութիւնը աւարտած է, եկէք մնացեալ զուգահեռ հարցերն ալ լուծենք»:

“Ինչպիսի՞ արձագանգ կը ստանանք. կ՚ըսեն՝ քաղաքական այն ուժը, որուն ներկայացուցիչն է Դաւիթ Իշխանեանը, այսպիսի յայտարարութիւններ կ՚ընէ, ինչպէ՞ս հակամարտութիւնը աւարտած է. եթէ աւարտած է, ինչո՞ւ դրօշակ կ՚այրեն”,– աւելցուցած է Փաշինեան: