Լեւոն ԺԴ. պապի եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի պաշտօնական առաջին հանդիպումը

Արամ Ա.cq5dam.thumbnail.cropped.1500.844

Երկուշաբթի, Մայիս 18-ին, Լեւոն ԺԴ. պապը Վատիկանի մէջ ընդունած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ը։ Այս մէկը անոնց առաջին պաշտօնական հանդիպումն էր։ 

Քահանայապետը ողջունած է երկու եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւնները՝ յիշեցնելով Սուրբ Պօղոսի եւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի կերպարները՝ որպէս միասնութեան խորհրդանիշեր։ Ան յատկապէս դրուատած է Արամ Ա.-ի անխոնջ յանձնառութիւնը միջեկեղեցական եւ միջկրօնական երկխօսութեան ի նպաստ, միաժամանակ շեշտելով 2003-ին սկսած միացեալ աստուածաբանական երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը։ 

Հուսկ, Պապը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է իր սրտին մօտիկ, ծանր փորձութիւններու ենթարկուած Լիբանանի նկատմամբ՝ հաւաստելով լիբանանցի ժողովուրդին իր ամէնօրեայ աղօթքներուն մասին եւ յորդորելով եկեղեցիներուն ամրապնդել եղբայրական կապերը՝ պահպանելու համար միասնութիւնն ու խաղաղութիւնը։