Հիւսելու մշակոյթ – Աննա Պօղիկեան
Երեւանի AHA Collective-ին նոր ցուցադրութիւնը՝ Ազգ. Պատկերասրահին մէջ
Ուրբաթ, Մայիս 15-ի երեկոյեան, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ եգիպտա-գանատահայ արուեստագէտ Աննա Պօղիկեանի «Հիւսելու մշակոյթ» անհատական ցուցահանդէսին։ Հայաստանի մէջ արուեստագէտին առաջին անհատական նախագիծն է այս ցուցահանդէսը՝ իննամսեայ մեծ ու նուիրական աշխատանքի արդիւնքը, որ իրականացաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակին աջակցութեամբ:
Անցեալ տարի՝ AHA Collective-ի նախաձեռնած ստեղծագործական կացարանէն ծնունդ առաւ այս ցուցահանդէսը։ Արուեստագէտը ճամբորդելով Հայաստանի հարաւ, այցելելով գորգագործական արհեստանոցներ ու հանդիպելով Արցախէն տեղահանուած կիներու՝ ստեղծեց գծանկարներ, ապա արցախահայ վեց վարպետ գորգագործ կիներու հետ, այդ տեսլականը տեղական բուրդով ու աւելի քան երկու հարիւր գոյնով վերածուեցաւ գորգերու։

Ցուցադրութիւնը կը պատմէ ժամանակակից դիւցազներգութիւն մը, ուր գորգը կը վերածուի պատմող ձայնի՝ խօսելով մեր դիցաբանական անցեալի ու ներկայ աշխարհաքաղաքական իրականութեան մասին։
Պատկերասրահի երեք սրահներուն մէջ տեղաւորուած ցուցադրութիւնը կ՚ամփոփէ բնօրինակ գծանկարներ, 37 ձեռագործ գորգ ու կոպըլէն, ինչպէս նաեւ վաւերագրական նիւթեր, որոնք կը բացայայտեն գորգերուն ստեղծման ամբողջ ընթացքը։
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը, Եւրոպական Միութեան Հայաստանի դեսպանը, արուեստագէտներ, մտաւորականներ եւ արուեստասէրներ: Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլի Մարակոս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նման նախաձեռնութեան անհրաժեշտութեան եւ գնահատեց բոլոր աշխատանք տանողները, ըսելով. «այսօր մենք հոս ենք տեսնելու շատ իւրայատուկ ցուցադրութիւն մը, որ կը մարմնաւորէ աւանդութիւնը, մշակոյթն ու համագործակցութիւնը։ Կ՚ուզեմ յատկապէս Նայիրի Խաչատուրեանի աշխատանքը արժանացնել բարձր գնահատանքի, համագործակցութեամբ՝ մասնագէտ արուեստագէտ Աննա Պօղիկեանի, ինչպէս նաեւ գորգերը հիւսող հրաշալի արցախցի կիներուն, որոնք տուժած են պատերազմէն եւ Հայաստանի մէջ կը փորձեն գոյատեւել»։
Ցուցահանդէսի համադրող եւ AHA Collective-ի տնօրէն Նայիրի Խաչատուրեանը իր խօսքով ծանօթացուց արուեստագէտը, անդրադարձաւ անոր անցեալ տարուան այցելութեան մանրամասնութիւններուն եւ ցուցադրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն: Ան խօսելով «Հիւսելու մշակոյթ» ցուցահանդէսին մասին, անդրադարձաւ երեք սրահներու մէջ ցուցադրուած գորգերուն պատմութեան, ըսելով. «Ցուցահանդէսը առիթ կու տայ, որ երեք արարով հետեւինք Աննա Պօղիկեանի կողմէ գծագրուած եւ պատմուած ժամանակակից դիւցազներգութեան։ Ցուցադրութիւնը հանդիսատեսը կը տանի գորգի ներյայտ նշանակութենէն ու էութենէն բխող վերելքի մը։ Հիւսուած իւրաքանչիւր դրուագի միջոցով Աննա Պօղիկեան մեզ կ՚առաջնորդէ իրականէն դէպի երեւակայականը, երեւակայականէն դէպի մեթաֆիզիքականը (բնազանցականը)։

Արուեստագէտ Աննա Պօղիկեան տեսաուղերձով յայտնեց իր շնորհակալութիւնը ցուցահանդէսի բացման սատարողներուն եւ անոր իրականացման աշխատանքներուն մասնակցողներուն: Ան յատկապէս խօսքը ուղղեց գորգագործ կիներուն, որոնց հանդիպած է Woolway studio-ի եւ «Արցախ կարպետ»-ի արհեստանոցներուն մէջ: Յայտնեց հիացումը անոնց գծագրութիւն մը ամբողջովին վերարտադրելու կարողութեան եւ իրենց ամբողջ կորովը նուիրելուն գորգ հիւսելու աշխատանքին:

Ներկաները հիացումով դիտեցին նկարներուն ու գորգերուն հիւսած պատմութիւնը:
Ցուցադրութիւնը կը շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 15։ Ծրագիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ երկլեզու պատկերագիրքի շնորհահանդէս մը, որ պիտի իրականանայ այս ընթացքին:

Արուեստագէտին մասին
Աննա Պօղիկեան ծնած է Գահիրէ 1946-ին. կ՚ապրի Գանատա: Գահիրէի ամերիկեան համալսարանին մէջ քաղաքագիտութեան եւ տնտեսագիրտութեան հետեւելէ ետք, իր ուսումը շարունակած է Գանատայի Concordia համալսարանին մէջ, մասնագիտանալով երաժշտութեան եւ տեսողական արուեստի մարզերուն մէջ:
Աննա Պօղիկեան կ’ուսումնասիրէ նիւթական մշակոյթները, առեւտուրի, տեղահանութեան եւ քաղաքական բռնութեան պատմութիւնները՝ բազմաշերտ տեսողական պատումներու միջոցով:
Իր ստեղծագործական գործունէութիւնը կ՚ընդգրկէ գծանկարչութիւն, քանդակագործութիւն, ձեռակերտ գիրքեր եւ լայնածաւալ տեղադրումներ:
Միջազգային մակարդակով՝ Պօղիկեանի նկարները ցուցադրուած են մեծ թանգարաններու մէջ եւ արուեստի փառատօներու, ինչպէս՝ Biennale di Venezia, documenta 13, Sharjah Biennial, Sydney Biennale:
2024-ին Պօղիկեան արժանացած է հեղինակաւոր Վոլֆկանկ Հան մրցանակին, որ կը շնորհուի Քէօլնի Museum Ludwig-ին կողմէ:
Ներկայիս իր գործերը մաս կը կազմեն բազմաթիւ սեփական եւ պետական հաւաքածոներու, որոնց կարգին են՝ Tate, Centre Pompidou, Museum of Modern Art:
Ա. Բ.-Ղ. ■
