Հարցազրոյց՝ Տիկին Անիէս Մինասի հետ

IMG_7578-2-edited-scaled

Հարցազրոյց՝ Ալֆորվիլի Մարիամ Արապեան մանկապարտէզի տնօրէնուհի Տիկին Անիէս Մինասի հետ

– Տիկին Տնօ­րէնու­հի, կրնա՞ք խօ­սիլ ձեր կրթու­թեան եւ մաս­նա­գիտա­կան ու­ղիին մա­սին։

– Կա­նու­խէն հրա­պու­րուած ըլ­լա­լով ու­սուցչու­թեամբ, 1975-ին, 9-րդ դա­սարա­նի (3e) աւար­տին, մաս­նակցե­ցայ Ու­սուցչաց վար­ժա­րանի (École Normale) ըն­դունե­լու­թեան մրցոյ­թին, ապա՝ Պա­քալօ­րէայի տա­րին միացայ PEGC-ի (Գո­լէճի ընդհա­նուր կրթու­թեան ու­սուցիչ­ներ) մար­մի­նին, քա­նի որ նպա­տակս գեր­մա­ներէ­նի ու­սուցչու­հի դառ­նալ էր: Եւ որով­հե­տեւ այս պատ­րաստու­թիւնը կը պա­հան­ջէր եր­կու նիւթ դա­սաւան­դել, 1982-էն սկսեալ դար­ձայ ֆրան­սե­րէնի եւ գեր­մա­ներէ­նի ու­սուցչու­հի հան­րա­յին գո­լէճի մը մէջ, մին­չեւ 2016 թուակա­նը: Այդ տա­րին, երբ զա­ւակ­ներս տու­նէն մեկ­նած էին, ու­զե­ցի մաս­նա­գիտա­կան վե­րելք ար­ձա­նագ­րել՝ միաժա­մանակ մնա­լով կրթա­կան ոլոր­տին մէջ: Հե­տեւա­բար, մաս­նակցե­ցայ PERDIR-ի (Վար­չա­կան անձնա­կազմ) մրցոյ­թին՝ հաս­տա­տու­թեան տնօ­րէն դառ­նա­լու հա­մար: Մէկ տա­րի փոր­ձաշրջան ան­ցուցի Վալ տ՚Ուա­զի հան­րա­յին գո­լէճի մը մէջ՝ որ­պէս փոխտնօ­րէն, նախ­քան Գէորգ Արա­պեան գո­լէճի տնօ­րէնի եւ Գէորգ Արա­պեան-Սուրբ Մես­րոպ կրթա­համա­լիրի հա­մակար­գո­ղի պաշ­տօ­նը ստանձնե­լը՝ 2017 Սեպ­տեմբե­րէն մին­չեւ 2021:

– Կրնա՞ք մե­զի պատ­մել Գէորգ Արա­պեան – Սուրբ Մես­րոպ հաս­տա­տու­թեան գլու­խը Ձեր ու­նե­ցած նախ­կին փոր­ձա­ռու­թեան մա­սին։

– Ասի­կա եղաւ մաս­նա­գիտա­կան կեան­քիս ամե­նագե­ղեցիկ եւ ամե­նախան­դա­վառ ար­կա­ծախնդրու­թիւնը: Երբ ընտ­րուե­ցայ այն ժա­մանա­կուան Վար­չա­կան խոր­հուրդին կող­մէ, որուն կը նա­խագա­հէր Տի­կին Քա­րին Լե­ռեանը, իս­կա­կան մաս­նա­գիտա­կան «սի­րահա­րու­թիւն» մը ապ­րե­ցայ: Ժա­մանու­միս, գո­լէճը նոր բա­ցած էր 6-րդ դա­սարա­նի իր առա­ջին կար­գը՝ պայ­մա­նագ­րէ դուրս (hors contrat), 13 աշա­կեր­տով. իսկ երբ մեկ­նե­ցայ, ու­նէինք գո­լէճի 89 ար­ձա­նագ­րուած աշա­կերտ՝ 6-րդէն մին­չեւ 3-րդ դա­սարան, Պե­տու­թեան հետ հա­մագոր­ծակցու­թեան պայ­մա­նագ­րով (sous contrat d’association), իսկ կրթա­համա­լիրին մէջ ընդհա­նուր՝ 301 աշա­կերտ:

Պաշ­տօ­նավա­րու­թեանս վեր­ջին տա­րուան ըն­թացքին, հպար­տութիւ­նը ու­նե­ցայ գո­լէճը յայ­տա­րարե­լու քննա­կան կեդ­րոն եւ կազ­մա­կեր­պե­լու գո­լէճի աւար­տա­կանի (brevet des collèges) առա­ջին քննու­թիւննե­րը՝ Գ. Արա­պեան գո­լէճի շէն­քին մէջ: Ես նաեւ ամ­բողջ կրթա­համա­լիրի հա­մակար­գողն էի, այ­սինքն՝ 14 դա­սարան­նե­րու՝ Ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րա­գոյն բաժ­նէն մին­չեւ 3-րդ դա­սարան: Իմ պար­տա­կանու­թիւնս էր ապա­հովել ու­սուցման շա­րու­նա­կակա­նու­թիւնը, ման­կա­պար­տէզ/տար­րա­կան եւ տար­րա­կան/գո­լէճ կա­պը, խթա­նել հա­մատեղ ծրագրեր, հսկել, որ ման­կա­վար­ժա­կան անձնա­կազ­մե­րը խորհրդակ­ցին իրա­րու հետ, գտնել դուրսէն ուսուցիչներ եւ եր­բեմն փո­խարի­նել տար­րա­կանի տնօ­րէնու­հի պաշ­տօ­նակի­ցս, որ այդ ժա­մանակ առող­ջա­կան լուրջ խնդիր­ներ ու­նէր: Աշ­խա­տանքս կը կա­յանար հայ լե­զուի եւ մշա­կոյ­թի ար­ժե­ւոր­ման մէջ՝ միեւնոյն ատեն փորձելով արհեստավարժական մակարդակի հասցնել այն ժամանակուան գոր­ծե­լակեր­պե­րը:

Հար­կա­ւոր էր նաեւ ապահովութիւն ներշնչել ծնող­նե­րուն դպրո­ցի մա­կար­դա­կին վե­րաբե­րեալ եւ վստա­հու­թեան կա­պեր հաս­տա­տել գո­լէճի տար­բեր գոր­ծընկեր­նե­րուն հետ (ծնո­ղաց միու­թիւն, քա­ղաքա­պետա­րան, ու­սումնա­կան ծա­ռայու­թիւններ, մաս­նա­ւոր լի­սէներ՝ 3-րդ դա­սարա­նի աւար­տին մեր շրջա­նաւարտ աշա­կերտնե­րուն հա­մար ել­քեր բա­նալու նպա­տակով): Չմոռ­նանք որ, ըլ­լա­լով նոր հաս­տա­տու­թիւն, իր մի­ջավայ­րին մէջ լիովին ան­յայտ, պէտք էր կեր­տել լրջու­թեան եւ որա­կի համ­բաւ:

– Ի՞նչը Ձեզ դրդեց ղե­կավա­րելու Մա­րիամ Արա­պեան ման­կա­պար­տէ­զը, որ բա­ցուե­ցաւ 2025 Սեպ­տեմբե­րի վե­րամու­տին։

– Ար­դէն 4 տա­րի է հանգստեան կո­չուած էի: Փա­րիզեան շրջան իմ վե­րադարձնե­րէս մէ­կուն առ­թիւ, AGEFAA-ի գան­ձա­պահ Պրն Սար­գիս Լե­ռեանը զիս հրա­ւիրեց ման­կա­պար­տէ­զի բաց դռնե­րու օրուան, եւ ծա­նօթա­ցայ միու­թեան նա­խագահ Մի­շէլ Պու­տաքճիի հետ: Ես իրեն առա­ջար­կե­ցի ծա­ռայու­թիւններս որ­պէս խորհրդա­տու՝ անհրա­ժեշ­տութեան պա­րագա­յին, դպրո­ցի մեկ­նարկին օգ­նե­լու հա­մար: Անոնք չէին գտներ ու­սումնա­կան պա­հանջնե­րուն հա­մապա­տաս­խա­նող տնօ­րէնու­հի (դա­սաւանդման փոր­ձա­ռու­թիւն + Bac+3 վկա­յական): Երբ տե­սայ, որ ժա­մանա­կը կ՚անցնի եւ տնօ­րէնու­թեան ընտրու­թեան հար­ցը գո­հացու­ցիչ լու­ծում չի գտներ, ըն­դունե­ցի առա­քելու­թիւնը: Պրն Լեռեանի հետ, զոր կը յար­գեմ, դար­ձեալ աշ­խա­տելու հե­ռան­կա­րը եւ Գե­րաշ­նորհ Տ. Նոր­վան Սրբա­զան Զա­քարեանի վստա­հու­թիւնը վերջնա­կանա­պէս հա­մոզե­ցին զիս:

– Ման­կա­վար­ժա­կան տե­սան­կիւնէն, տար­բե՞ր են մար­տահրա­ւէր­նե­րը։

– Ման­կա­պար­տէ­զի մէջ մար­տահրա­ւէր­նե­րը բազ­մա­թիւ են: Պէտք է կեր­տել հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի եւ պատ­կա­նելու­թեան հիմ­քե­րը՝ միաժա­մանակ յար­գե­լով Ֆրանսայի Ազ­գա­յին կրթու­թեան (Education Nationale) ծրա­գրե­րը, քա­նի որ աշա­կերտնե­րը Ման­կա­պար­տէ­զի Աւագ բաժ­նի (Grande Section) աւար­տին պէտք է ձեռք բե­րած ըլ­լան ֆրան­սե­րէնի եւ թուաբա­նու­թեան ընդհա­նուր հիմ­քի հմտու­թիւննե­րը՝ CP դա­սարա­նի պա­հանջնե­րուն հա­մապա­տաս­խա­նելու հա­մար: Ահա թէ ին­չու դա­սաւան­դումնե­րը կը կազ­մա­կեր­պուին հե­տեւեալ կեր­պով.

– Փոք­րա­գոյն եւ Փոքր բա­ժին­ներ (Toute Petite Section եւ Petite Section). ամ­բողջու­թեամբ հա­յերէ­նով.

– Մի­ջին բա­ժին (Moyenne section). հա­յերէ­նով, օրա­կան 1 ժամ 15 վայրկեան ֆրան­սե­րէնով.

– Աւագ բա­ժին (Grande Section). ֆրան­սե­րէնով, օրա­կան 1 ժամ 15 վայրկեան հա­յերէ­նով + անգլե­րէնի նա­խագի­տելիք­ներ (շա­բաթա­կան 1 ժամ):

Պէտք է նաեւ սկսիլ պատ­րաստուիլ Աւագ բա­ժինը Գրէ­թէյլի ակադեմիային կող­մէ պայ­մա­նագ­րի տակ դնե­լու դի­մում ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար: Ասի­կա հնա­րաւոր պի­տի ըլ­լայ միայն այն պա­րագա­յին, եթէ դպրո­ցը վա­ւերա­ցուի տես­չութեան մը կող­մէ, որ ման­րա­մասն պի­տի քննէ դպրո­ցին ամ­բողջ ման­կա­վար­ժա­կան մա­սը, ինչպէս նաեւ ըն­դունե­լու­թեան պայ­մաննե­րը, հաս­տա­տու­թեան անվտան­գութիւ­նը եւ այլն… Հետեւաբար, ասիկա մեծ աշխատանք կ՚ենթադրէ:

– Որո՞նք են ֆրանքեւհայ­կա­կան հաս­տա­տու­թեան պա­տաս­խա­նատուի մը պաշ­տօ­նին առանձնա­յատ­կութիւննե­րը, մաս­նա­յատ­կութիւննե­րը։

– Այս պաշ­տօ­նը կը պա­հան­ջէ ֆրան­սե­րէնի եւ հա­յերէ­նի տի­րապե­տում: Հա­յերէն գիտ­նա­լը առա­ւելու­թիւն է, քա­նի որ հաս­տա­տու­թեան տնօ­րէնը ստի­պուած կրնայ ըլ­լալ զբա­ղելու ար­ձա­նագ­րութեամբ կամ հար­ցազրոյց ու­նե­նալու ոչ-ֆրան­սա­խօս ըն­տա­նիքի մը հետ: Քա­նի որ մենք կը գոր­ծենք սահ­մա­նափակ անձնա­կազ­մով, հաս­տա­տու­թեան տնօ­րէնը միաժա­մանակ իր անձնակազմին վե­րադասն է, պա­հակը, դռնա­պանը, կա­ռավա­րիչը, քար­տուղա­րը: Ան կը հա­մագոր­ծակցի Վար­չա­կան խոր­հուրդին հետ, որուն հա­շուե­տու է կամ որուն հետ կը կի­սէ իր փոր­ձա­ռու­թիւնը որ­պէս մաս­նա­գէտ: Ան ծնող­նե­րու եւ ու­սուցիչ­նե­րու նա­խընտրե­լի զրու­ցա­կիցն է, երբ լու­ծուե­լիք հարց մը կայ:

– Ասի­կա ձե­զի հա­մար նո՞ր փոր­ձա­ռու­թիւն է։ Նո՞ր մաս­նա­գիտա­կան կեանք։

– Ին­ծի հա­մար յատ­կա­պէս նոր է բա­ցառա­պէս շատ փոք­րիկնե­րու հետ գործ ու­նե­նալը, մինչդեռ մին­չեւ հի­մա հիմ­նա­կանին մէջ աշ­խա­տած էի դե­ռահաս­նե­րու հետ: Այդ առու­մով, ասի­կա նոր փոր­ձա­ռու­թիւն է, ինչպէս նաեւ ծնող­նե­րու հետ ֆի­նան­սա­կան կող­մը կա­ռավա­րելը: Այս տա­րի սոր­վե­ցայ ներդնել ինքնաշ­խատ գան­ձումնե­րը (prélèvements automatiques), եւ անհրա­ժեշ­տութեան պա­րագա­յին՝ ե՛ս կը յի­շեց­նեմ ծնող­նե­րուն: Կը վե­րագտնեմ իմ մե­քենա­կանա­ցած սո­վորու­թիւններս, եւ քա­նի որ պա­հած էի գո­լէճի հա­մար պատ­րաստած գրե­թէ բո­լոր աշ­խա­տան­քա­յին փաս­տա­թուղթե­րուս կրկնօ­րինակ­նե­րը, ին­ծի բա­ւական եղաւ թար­մացնել զա­նոնք եւ յար­մա­րց­նել ման­կա­պար­տէ­զին: Բայց պի­տի ըսէի՝ տեղ տանք երի­տասարդնե­րուն. իս­կա­պէս պէտք է, որ փո­խան­ցումը կա­տարուի: Կրկնեմ, եկայ, որ կարելի ըլլայ բա­ցու­մը եւ ան­շուշտ կ՚ապա­հովեմ ամ­րապնդու­մը յա­ջորդ տա­րի, բայց չեմ կրնար աւե­լին ընել:

– Քա­նի մը խօսք՝ ձեր ղե­կավա­րած ման­կա­վար­ժա­կան անձնակազմին մա­սին։

– Ներ­կա­յիս ու­նինք հա­յերէ­նի երեք ու­սուցչու­հի­ներ (բո­լորն ալ վա­ւերա­ցուած՝ ու­սումնա­կան ծա­ռայու­թիւննե­րուն կող­մէ).

– Տի­կին Սօսի Պըլտեանը՝ Փոք­րա­գոյն եւ Փոքր բա­ժին­նե­րու դա­սարա­ններու. իրեն կ՚օգ­նէ Տի­կին Լու­սի­նէ Յա­կոբեանը (ASEM / Ման­կա­պար­տէ­զի մաս­նա­գիտա­ցած գոր­ծա­կալ):

– Տի­կին Սի­րան Սվաճեանը՝ Փոքր բա­ժինի դա­սարա­նի. իր օգնականն է (ASEM) Տի­կին Նա­իրա Աւե­տիքեանը, որ ներ­կա­յիս կը փո­խարինուի Տի­կին Ալիս Սար­մա­զեանի կողմէ:

– Տի­կին Անի Քալ­տի­լին՝ Մի­ջին բա­ժնի. իր օգնականն է (ASEM) Տի­կին Նա­իրի Պա­լեանը:

– Տի­կին Ֆա­պիէն Կալ­լուլան՝ Աւագ բա­ժնի. իր օգնականն է Տի­կին Նի­կողո­սեանը:

Ունինք նաեւ Տի­կին Անի­թա Տի­րասէօղ­լուն՝ որ­պէս սպա­սար­կող անձնա­կազ­մի ան­դամ (ան ճա­շարա­նը կ՚աշ­խա­տի), եւ Տի­կին Անա­յիս Սա­րեանը, որ իբ­րեւ կա­մաւոր մե­զի կ՚օգ­նէ՝ երե­կոյեան, դպրո­ցի ժա­մերէն ետք մնա­ցող երե­խանե­րուն հսկե­լու հա­մար: Անձնա­կազ­մի այս բո­լոր ան­դամնե­րը, բա­ցի Տի­կին Կալ­լուլա­յէն, հա­յախօս են եւ աշա­կերտնե­րուն հետ հա­յերէն կը խօ­սին: Ի դէպ, կ՚ու­զեմ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնել անոնց, քա­նի որ այս դպրո­ցի բաց­ման յա­ջողու­թիւնը իրենց կը պար­տինք: Շնոր­հիւ իրենց փոր­ձա­ռու­թեան, խան­դա­վառու­թեան, դա­սարան­նե­րը կա­հաւո­րելու եւ, վե­րամու­տի առա­ջին իսկ օրէն, դպրո­ցը երե­խանե­րուն հա­մար հիւ­րընկալ դարձնե­լու իրենց յանձնա­ռու­թեան, այ­սօր դժուար է հա­ւատալ, որ ման­կա­պար­տէ­զը բա­ցուած է միայն ան­ցեալ Սեպ­տեմբե­րին: Անոնք իւ­րա­ցու­ցած են շէն­քը, եւ կը տես­նենք, որ հոն իրենք զի­րենք լաւ կը զգան:

– Ո՞րն է Ձեր պատ­գա­մը ծնող­նե­րուն, Հայ Մշա­կոյ­թի Զար­գացման Ընկե­­րակ­ցութեան՝ APCAF-ի բա­րեկամ­նե­րուն։

– Շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնեմ ծնող­նե­րուն, որոնք նա­խաար­ձա­նագ­րած են իրենց երե­խան 2025 Փետ­րուարի բաց դռնե­րու սկիզ­բէն իսկ: Անոնք մե­զի հետ ապ­րե­ցան անո­րոշու­թիւննե­րը: Պէտք է գնահատել իրենց նա­խաձեռ­նութիւ­նը՝ ար­ձա­նագ­րե­լու իրենց երե­խան հայ­կա­կան դպրո­ց մը, կեանք տա­լու անոր եւ հո­գալու ծախ­սե­րը՝ փո­խանակ ընտրե­լու հան­րա­յին դպրո­ցի դիւ­րութիւ­նը եւ անվճար ըլ­լա­լը: Ինչ կը վե­րաբե­րի APCAF-ի բա­րեկամ­նե­րուն, շնոր­հա­կալ կ՚ըլլանք եթէ այս գե­ղեցիկ հաս­տա­տու­թեան նա­խագի­ծին զօրավիգ կանգնին ու անոր մասին խօսին իրենց շրջապատին մէջ. եւ աւելին՝ եթէ նուիրա­տւու­թիւն ընե­ն՝ օգ­նե­լու հա­մար հաստատութեան, մինչեւ որ անցնին պայ­մա­նագ­րէ դուրս տա­րինե­րը: Գոր­ծառնա­կան բո­լոր ծախ­սե­րը (ու­սուցիչ­նե­րու աշ­խա­տավարձ, ճա­շարան, մաք­րութիւն, ընթացիկ այլ ծախ­սեր…) ներկայիս կը գանձատրուին AGEFAA-ի կող­մէ, եւ առա­ջին տա­րինե­րը վճռո­րոշ են: Սա­կայն, դպրո­ցը ամ­բողջ հա­մայնքի սե­փակա­նու­թիւնն է, եւ անոր գո­յատեւ­ման առա­ջին պայ­մա­նը՝ կեր­տե­լն է ապա­գայ սե­րունդնե­րը: Ձեռնարկենք զօրաշարժի՝ զայն մշտա­պէս պա­հելու եւ պահպանելու հա­մար:

– Ո՞րն է այն հար­ցումը, զոր ձե­զի չուղղե­ցինք եւ որուն կ՚ու­զէիք պա­տաս­խա­նել։

– Կրնա­յիք հարցնել, թէ որո՞նք եղած են ման­կա­պար­տէ­զի ան­ջատման հե­տեւանքնե­րը Գէորգ Արա­պեան–Սուրբ Մես­րոպ կրթա­համա­լիրէն, եւ ես ձե­զի պի­տի պա­տաս­խա­նէի, որ իմ կող­մէս, կը գտնեմ, որ այս նոր իրա­վիճա­կը բախ­տա­ւորու­թիւն մըն է դպրո­ցին հա­մար: Ար­դա­րեւ, մին­չեւ հի­մա, ման­կա­պար­տէ­զը միշտ քիչ մը եղած էր կրթա­համա­լիրի «աղ­քատ ազ­գա­կանը»՝ գլխա­ւոր շէն­քէն դուրս գտնուող իր իրա­վիճա­կին եւ իր հին­ցած շէն­քին պատ­ճա­ռով: Միւս կող­մէ, թէեւ անձնա­կազ­մի (թէ՛ ու­սուցիչ­նե­րու, թէ՛ ալ անոնց օգնականներու՝ ASEM-նե­րու) յայ­տա­րար­ման եւ վա­ւերաց­ման պար­տա­ւորու­թիւնը ու­սումնա­կան ծա­ռայու­թիւննե­րուն մօտ պար­տա­դիր դար­ձած է վեր­ջին տա­րինե­րուն, ատի­կա եր­բեք չէր կա­տարուած: Այժմ ամ­բողջ անձնա­կազ­մը ճանչցուած եւ վա­ւերա­ցուած է, ինչ որ իրենց օրի­նակա­նու­թիւն կու տայ: Ինչ կը վե­րաբե­րի դպրո­ցին. ան­կախ միաւոր դառ­նա­լու փաս­տը իրեն աւե­լի տե­սանե­լիու­թիւն կ՚ապահովէ եւ կը զօ­րաց­նէ իր ճա­ռագայ­թումը՝ շէն­քին որա­կով եւ գե­ղեց­կութեամբ: Սեփական տնօ­րէնու­թիւն ու­նե­նալը նաեւ յա­ւելեալ ար­ժէք է, քա­նի որ անձնա­կազ­մը ունի այն տպա­ւորու­թիւնը, որ զինք աւե­լի կը լսեն, կը քա­ջալե­րեն եւ հա­շուի կ՚առ­նեն: Ինչ կը վե­րաբե­րի ծնող­նե­րուն. անոնք գի­տեն՝ ո՞ւր եւ որո՞ւ դի­մել հար­ցի մը պա­րագա­յին: Ման­կա­պար­տէ­զի ծնո­ղաց միու­թիւն մըն ալ ստեղծման ըն­թացքի մէջ է, եւ հիմ­նա­դիր­նե­րը լի են գա­ղափար­նե­րով՝ դպրո­ցը յա­ռաջ տա­նելու հա­մար: Իսկ սեփական կառոյցներ՝ օրինակ դպրոցի անկախ խորհուրդ մը ունենալը, կարելիութիւն պիտի ընձեռէ աւելի լաւ արժեւորելու թէ՛ հաստատութիւնը եւ թէ՛ անոր ծրագրերը:

– Ինչպէ՞ս կարելի է երե­խաները ման­կա­պար­տէ­զ արձանագրել։

– Բա­ւական է հե­ռաձայ­նել 01 53 66 84 67 թի­ւին կամ նա­մակ ու­ղարկել հե­տեւեալ հաս­ցէին. maternelle.mariamarabian@gmail.com, ժա­մադ­րութիւն ստա­նալու հա­մար: Ար­ձա­նագ­րութեան թղթած­րար մը պի­տի յանձնուի կապ հաստատողներուն:

Հար­ցազրոյ­ցը վա­րեցին՝ 

Սա­հակ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ

եւ Մի­շէլ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ ■

Ես կը քա­ջալե­րեմ Ալ­ֆորվի­լի Մա­րիամ Արա­պեան ման­կա­պար­տէ­զը

Առանց ձեր քա­ջալե­րան­քին, ոչինչ կարելի է

APCAF

Ֆրան­սա­յի մէջ Հայ Մշա­կոյ­թի Զար­գացման Ընկե­­րակ­ցու­թիւն

Կեդ­րո­նատե­ղի — 2 avenue Paul Déroulède 75015 Paris –

Հեռ. + 33 (0)6 07 84 43 70

1901 օրէն­քին համապատասխան՝ ոչ-շա­հու­թա­բեր նպա­տակով  

Siret : 509 379 194 00012

IBAN : FR76 1751 5900 0008 0060 5030 186