Հայաստան արտածած է միլիոնաւոր տոլարներու արժողութեամբ հայկական զէնք
Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանէն միլիոնաւոր տոլարներու հասնող հայկական արտադրութեան զէնք արտածուած է:
Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան։
“Քանի մը տարի առաջ շատ դժուար էր երեւակայել, որ Հայաստան զէնք արտածող երկիր պիտի դառնայ։ Վերջին ամիսներուն զանազան առիթներով՝ իմ հրապարակային ելոյթներուն եւ հարցազրոյցներուն ընթացքին նշած էի, որ հայրենի քանի մը արտադրողներ, հայկական ընկերութիւններ զէնք արտածելու արտօնութիւն ստացած են։ Եւ ահա հիմա մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կ՚ուզեմ ձեզի յայտնել, որ Մայիս ամսուան ընթացքին հայկական երեք ընկերութիւններ զէնք արտածած են դէպի երկու տարբեր երկիրներ։
Բաւականաչափ բարդ խնդիրներ եւ մատակարարման դժուարութիւններ յաղթահարելով՝ հայկական ընկերութիւնները կրցած են հասնիլ իրենց նպատակակէտին։ Անոնք առաջին անգամ ըլլալով կրցած են Հայաստանի մէջ մշակուած եւ արտադրուած վերջնական արտադրանքը հասցնել զայն սպառող երկիրներուն։
Կ՚ուզեմ նշել, որ այս բոլորը վերջին տարիներուն հանդիսացած է Հայաստանի կառավարութեան երազանքն ու ռազմավարական առաջնահերթութիւններէն մէկը։ Ահա ճիշդ ա՛յս էր պատճառը, որ Կառավարութիւնը վերջին տարիներուն միլիառաւոր դրամներու ներդրում կատարած է եւ ապագային ալ պիտի շարունակէ կատարել ռազմական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ։ Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ բոլորս եւ կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ սա ընդամէնը մեծ ու երկար ճանապարհի մը սկիզբն է”,– յայտարարած է Հայրապետեան։
