Կալուզին. «Հայաստան չի կրնար միաժամանակ երկու հարսանիքի պարել»

Կալուզին

“Հայաստան չի կրնար գտնուիլ թէ՛ Եւրասիական տնտեսական միութեան, թէ՛ ալ Եւրոպական միութեան մէջ: Ինչպէս կ՚ըսեն՝ Հայաստանի պիտի չյաջողի միաժամանակ երկու հարսանիքի մէջ պարել”, ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին՝ յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին՝ դրացի երկիրներու հետ գործակցութեան հարցերու Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի յատուկ խումբի նիստէն ետք:

Ըստ ռուսական լրասփիւռներուն, Կալուզին նաեւ յայտարարած է, որ Մոսկուայի համար անընդունելի է Հայաստանի իշխանութիւններուն դիրքորոշումը, որոնք մտադիր են պահպանել իրենց անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ-ին, մինչեւ որ ստանան ԵՄ-ի անդամակցութիւն:

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարարը Արեւմուտքը մեղադրած է Հայաստանը Ռուսաստանի դէմ օգտագործելու փորձերով եւ յայտարարած, որ երկրին անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան «ամբոխավարական կարգախօս մըն է»՝ նման այն կարգախօսերուն, որոնք նախապէս գործածուած են Ուքրաինայի եւ Մոլտաւիոյ պարագային:

Կալուզին Եւրոպական Միութիւնը մեղադրած է նաեւ «յառաջիկայ ընտրութիւններուն վրայ ազդելու» փորձերուն համար եւ յայտարարած, թէ «Ռուսաստան, ի տարբերութիւն Եւրոպական Միութեան, չի միջամտեր Հայաստանի ներքին գործերուն»։

Մոսկուա յոյս ունի, որ հայ հասարակութիւնը «պիտի պահպանէ սառնասրտութիւնը» եւ թոյլ պիտի չտայ երկիրը ներքաշել Ռուսաստանի հետ առճակատման մէջ, ըսած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարարը։