Վարչապետին հետ բանակռիւ ունեցած Արթուր Օսիպեան կալանաւորուած է
Մայիս 18-ին, Արաբկիրի մէջ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին՝ քաղաքացի Արթուր Օսիպեան մօտեցած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Արցախի նիւթով հարցում մը յղած անոր։ Այս հարցադրումին՝ վարչապետը հակադարձած էր վիրաւորանքներով ու պոռչտուքներով: Միջադէպէն քանի մը ժամ ետք ոստիկանութիւնը ձերբակալած է Օսիպեանը:
Ապա, Քննչական կոմիտէն յայտնած է, որ Արթուր Օսիպեան դատապարտուած է երկու ամիս բանտարկութեան: Անոր նկատմամբ քրէական հետապնդում սկսած է երեք յօդուածով՝ վարչապետի հասցէին բռնութեան կոչեր հնչեցնելու, խուլիկանութեան եւ նախընտրական քարոզչութիւնը խոչընդոտելու մեղադրանքներով:
Ըստ Քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան՝ Օսիպեան Մարտ 22-ին արդէն, դիմագիրքեան իր էջին վրայ վարչապետին հասցէին բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր ըրած է, իսկ Մայիս 18-ին, տեղեակ ըլլալով քարոզարշաւի մասին, գացած եւ խոչընդոտած է անոր ընթացքը։ Կոմիտէն կը պնդէ, որ ան տեղւոյն վրայ հայհոյանքներ եւ անպարկեշտ արտայայտութիւններ հնչեցուցած է, չէ ենթարկուած հանրահաւաքին մասնակցողներու յորդորներուն եւ խախտած է հասարակական կարգը:
Այս կապակցութեամբ, քաղաքացիական հասարակութեան աւելի քան տասնեակ մը կազմակերպութիւններ խստօրէն դատապարտած են Արթուր Օսիպեանի նկատմամբ յարուցուած «ակնյայտօրէն անօրինական, անհիմն եւ քաղաքականապէս դրդապատճառուած» քրէական հետապնդումն ու անոր ազատազրկումը՝ պահանջելով անյապաղ ազատ արձակել զայն եւ դադրեցնել քրէական հետապնդումը։
***
Քանի որ խօսքը ընտրական քարոզարշաւին տիրող մթնոլորտին մասին է, նշենք նաեւ, որ օրակարգի նիւթ դարձած է նաեւ Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդւոյն՝ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան քարոզարշաւը վարող երեսփոխանութեան թեկնածու Նարեկ Կարապետեանի Ռուսաստանի քաղաքացիութիւն ունենալու հարցը, ինչ որ անոր կ՚արգիլէ Ազգային ժողով մուտք գործել։
Այս նիւթը Մայիս 20-ին առաջին անգամ շրջանառութեան մէջ դրած է Ազգային ժողովի նախագահը՝ դիմագիրքեան իր գրառումով։ Հակառակ անոր որ Նարեկ Կարապետեան կը հերքէ այս պնդումը՝ վստահեցնելով, որ Հայաստանէն բացի այլ երկրի քաղաքացի չէ եղած, իրաւապահ մարմինները յաջորդ օր՝ Մայիս 21-ին քրէական գործ յարուցած են անոր դէմ՝ պաշտօնատար անձի կարգավիճակի ձեռքբերումը կամ պահպանումը խոչընդոտող տեղեկութիւններ թաքցնելու, այլ խօսքով կեղծ յայտարարութիւն կատարած ըլլալու յօդուածով։
Աղմուկին անդրադարձած է նաեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին։ Ան հերքած է հայկական որոշ լրասփիւռներու մէջ տարածուած լուրերը ռուս դիւանագէտներու ենթադրեալ հակահայկական գործունէութեան մասին՝ զանոնք որակելով զրպարտութիւն եւ «լրտեսական մոլուցք»։ Կալուզին իբրեւ օրինակ մատնանշած է Նարեկ Կարապետեանի պարագան՝ շեշտելով, որ ան երբե՛ք Ռուսաստանի քաղաքացիութիւն չէ ունեցած։
