Ո՞ւր հասաւ Հորմուզի նեղուցի հարցը 

Հորմուզ

Վերջին 24 ժամուան մէջ նեղուցէն անցած է 26 նաւ

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու գունդի (ԻՅՊԳ) ռազմածովային ուժերը յայտարարած են, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Հորմուզի նեղուցէն 26 նաւ անցած է, որոնց շարքին՝ քարիւղատար հսկայանաւեր (թանքերներ), բեռնարկղային (քոնթէյնըրային) եւ այլ առեւտրային նաւեր: Ըստ ԻՅՊԳ-ի ռազմածովային ուժերուն՝ բոլոր նաւերուն անցքը կատարուած է Իրանի հետ համակարգումով:

Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ Իրան յայտարարած էր նոր մարմինի մը՝ Պարսից ծոցի գործերու վարչութեան ստեղծման մասին, որ պիտի զբաղի Հորմուզի հարցերով, ներառեալ՝ նեղուցէն անցնելու տուրքերու գանձումը։

Նշենք, որ պատերազմէն առաջ Հորմուզի նեղուցէն կ՚անցնէր համաշխարհային շուկայի սպառած քարիւղին մօտաւորապէս մէկ հինգերորդը: Սակայն Իրանի վրայ ԱՄՆ-ու եւ Իսրայէլի յարձակումէն ետք, Թեհրան նեղուցը փակեց «ոչ-բարեկամական երկիրներ»-ու պատկանող նաւերուն առջեւ: ԱՄՆ իր հերթին շարունակական շրջափակման մէջ կը պահէ իրանեան նաւահանգիստները: