ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի Հայաստան այցը
Միրզոյեանի հետ ստորագրած է շարք մը կարեւոր փաստաթուղթեր
ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Մայիս 26-ին, այցելած է Հայաստան։ Այցի ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցած է Հայաստանի իր պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ, որմէ ետք անոնք հանդէս եկած են մամլոյ միացեալ ասուլիսով մը։
ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած ամփոփումին համաձայն՝ այցի ընթացքին Ռուպիօն եւ Միրզոյեանը քննարկած են Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան գործընթացը, «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) ծրագիրն ու Հայաստանի մէջ կայանալիք ընտրութիւնները։ Բանակցութիւններու աւարտին ստորագրուած են շարք մը կարեւոր փաստաթուղթեր, որոնք կը խորացնեն երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ յառաջ կը մղեն 2025 թուականի Օգոստոս 8-ին Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ կայացած պատմական խաղաղութեան վեհաժողովի ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները։ Յատկապէս, ստորագրուած են Համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւորագոյն հանքանիւթերու եւ հազուագիւտ հանածոներու արդիւնահանման ու մշակման ոլորտին մէջ մատակարարման ապահովման վերաբերեալ շրջանակային յուշագիրը։ Նախարարները նաեւ յայտարարած են TRIPP-ի վերաբերեալ երկկողմանի շրջանակային համաձայնագիրի մասին եւ նախաստորագրած են այդ ծրագրին վերաբերող ռազմավարական համագործակցութեան շրջանակային համաձայնագիրը։
