Կարսի մէջ կայացած է հայ-թրքական գործարարներու հանդիպում
Կարսի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ գործարար շրջանակներու հանդիպում մը:
Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Այշէ Ուզէր եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական Հայկ Դարբինեան շեշտը դրած են երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ: Դարբինեան ընդգծած է երկաթուղային կապի զարգացման կարեւորութիւնը, որուն ընձեռած հնարաւորութեամբ ուղիղ առեւտուրը կրնայ տարածուիլ նոյնիսկ մինչեւ Եւրոպա։
Կարսի պալատի նախագահ Քատիր Պոզան յայտնած է, որ երկու երկիրները պէտք է զիրար ընկալեն ոչ թէ իբրեւ մրցակիցներ, այլ զիրար լրացնող տնտեսական գործընկերներ:
Խիստ կարեւոր նշում մը. հայկական պատուիրակութիւնը Կարս հասած է՝ առաջին անգամ ըլլալով ուղղակի անցնելով Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանը։
