«Ուժեղ Հայաստան»-ը կը յայտնէ ճնշումներու մասին եւ կը պնդէ, թէ հրապարակուած թիւերը չեն համապատասխաներ իրականութեան

Ուժեղ

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը կը յայտարարէ, թէ ընտրական հոլովոյթի ընթացքին իրենք գործած են «աննախադէպ ու զանգուածային ճնշումներու եւ հետապնդումներու պայմաններու մէջ», եւ հետեւաբար Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին (ԿԸՅ) հրապարակած թիւերը չեն կրնար համապատասխանել իրականութեան։

«Նախընտրական փուլը ուղեկցուեցաւ մեր առաջնորդին, թեկնածուներուն, կուսակիցներուն եւ համակիրներուն նկատմամբ նպատակային գործողութիւններով, զանգուածային ապօրինի ձերբակալութիւններով ու քրէական հետապնդումներով, որոնք միտուած էին սահմանափակելու քաղաքական մրցակցութիւնն ու ազդելու ընտրողներու կամքի ազատ արտայայտութեան վրայ»,– գրած է «Ուժեղ Հայաստան»-ի բանբեր Մարիաննա Ղահրամանեան։

Դաշինքէն կը պնդեն, թէ քուէարկութեան օրը իշխանութեան կողմէ վարչական լծակներ գործածուած են։ Ասկէ զատ, ըստ բանբերին հրապարակած յայտարարութեան, տեղի ունեցած է աննախադէպ երեւոյթ մը. նախքան ԿԸՅ-ին կողմէ բոլոր ընտրատեղամասերու արդիւնքներուն մշակումը՝ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է յաղթանակի եւ առանձինն իշխանութիւն կազմելու մասին, ինչ որ ուղղակի հրահանգ եւ ազդանշան էր Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին։

Կ՚ընդգծուի նաեւ, որ ստեղծուած պայմաններուն մէջ հրապարակուած արդիւնքները վստահելի չեն եւ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի կեդրոնական գրասենեակը ներկայիս զբաղած է իրավիճակի խորքային վերլուծութեամբ։

Նշենք, որ իշխանութիւնը նախորդ օրը տրուած մամլոյ ասուլիսին, արդէն իսկ հակադարձած էր այս պնդումներուն՝ յայտնելով, որ քաղաքական որեւէ հետապնդման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ, եւ կը ձերբակալուին միայն անոնք, որոնք ապօրինութիւններ գործած են։