«Քարոզարշաւի ընթացքին նկատուած է արտաքին ուղղակի ճնշում». ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ
Բեւեռացած լրատու միջավայրը, կողմնակալ լուսաբանումներն ու շահարկումներ (մանիփիւլասիոն) պարունակող պառակտիչ առցանց քարոզարշաւը լրջօրէն սահմանափակած են ընտրողներուն անաչառ եւ վստահելի տեղեկատւութիւն ստանալու կարելիութիւնը։ Այս մասին յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի (OSCE-Organisation pour la sécurité et la coopération en Europe) Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակը (ԺՀՄԻԳ / BIDDH-Bureau des institutions démocratiques et des droits de l’homme)։
ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի ղեկավարը նշած է, որ ընտրութիւնները լաւ կազմակերպուած էին, սակայն, ըստ անոր՝ «քարոզարշաւի ընթացքին նկատուած է արտասահմանէն ուղղակի ճնշում՝ ահագնացող առեւտրային սահմանափակումներու եւ անվտանգութեան սպառնալիքներու տեսքով, որոնք կը միտէին ընտրողներուն վրայ անհարկի ազդեցութիւն բանեցնել՝ ի նպաստ ընդդիմադիր ուժերուն»։ Ան միաժամանակ աւելցուցած է, որ տեղական մակարդակի վրայ պետական վարչական լծակներու համակարգային չարաշահման դէպքեր չեն արձանագրուած։
“Քարոզարշաւը եղած է խիստ հակադրական՝ պառակտիչ հռետորաբանութեամբ, ինչպէս նաեւ ընտրակաշառքի ու այլ ընտրական խախտումներու վերաբերեալ մեղադրանքներով”,– յայտնած է ԵԱՀԿ-ի յատուկ համակարգող Ֆարահ Քարիմին։ Անոր համաձայն՝ ասիկա յանգեցուցած է ընդդիմադիր թեկնածուներու եւ գործիչներու նկատմամբ բազմաթիւ քրէական գործերու յարուցման, որուն հետեւանքով ընդդիմութեան բազմաթիւ համակիրներ զրկուած են քարոզարշաւին աշխուժ մասնակցութիւն բերելու կարելիութենէն։
Ըստ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի՝ այս բոլորը, գումարած՝ պետական հատուածի աշխատակիցներուն վրայ բանեցուած ճնշումները՝ իշխանութեան կուսակցութեան ձեռնարկներուն մասնակցելու համար, եւ վերջերս որդեգրուած ընկերա-տնտեսական միջոցառումները, լուրջ մտահոգութիւններ յառաջացուցած են քարոզարշաւը հաւասար կարելիութիւններով իրականացնելու հարցին մէջ։
