Գագիկ Ծառուկեանի փախուստի փորձն ու անոր դէմ յարուցուած քրէական գործը
Լրասփիւռներու մէջ հրապարակուած տեղեկութիւններուն համաձայն, «Բարգաւաճ Հայաստան» (ԲՀԿ) կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան Յունիս 9-ին, փորձած է «Զուարթնոց» օդակայանէն լքել Հայաստանի Հանրապետութիւնը, սակայն իրաւապահ մարմինները արգիլած են անոր մեկնումը։
Օդակայանէն Ծառուկեանի հաւանական «փախուստին» լուսանկարները արդէն հրապարակուած են մամուլին մէջ։ Յիշեցնենք, որ տակաւին քարոզարշաւի ժամանակ, կանխատեսելով նման հաւանականութիւն մը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բազմիցս յայտարարած էր. «Պատերազմի եռագլուխ կուսակցութեան առաջնորդները պիտի երազեն Հայաստանէն փախչելու մասին, բայց պիտի չկարենան»։
Արդարեւ, անոր դէմ քրէական հետապնդում յայտարարուեցաւ։ Գլխաւոր դատախազութենէն յայտնած են, որ դատախազը հանրային քրէական հետապնդում յարուցած է «առանձնապէս մեծ չափերով տուրքերէ խուսափելու» մեղադրանքով։ Առայժմ, այս մասին չկան յաւելեալ մանրամասնութիւններ։
