Մեքսիքայի մէջ շքեղ արարողութեամբ բացումը կատարուեցաւ «Մունտիալ-2026»-ին
Հինգշաբթի, Յունիս 11-ին, Մեքսիքայի մայրաքաղաքի «Ազթեքա» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի համաշխարհային 2026-ի բաժակի («Մունտիալ-2026») բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Ձեռնարկը գրեթէ ամբողջութեամբ կազմուած էր երաժշտական կատարումներէ. հանդէս եկան լատինական փոփ երաժշտութեան համաշխարհային աստղեր Շաքիրան եւ Մալուման, օփերայի իտալացի հռչակաւոր երգիչ Անտրէա Պոչելլին ու Քիմ Էճէան։ Մրցաշարքին ոսկեայ բաժակը մարզադաշտ բերին ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճանի Ինֆանթինօն եւ մեքսիքական ծագումով հոլիվուտեան աստղ Սելմա Հայէքը։
Բացման արարողութենէն անմիջապէս ետք, Ա. խմբակի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Համաշխարհային բաժակի անդրանիկ հանդիպումը՝ կազմակերպիչ Մեքսիքայի ու Հարաւային Ափրիկէի հաւաքականներուն միջեւ, որ աւարտեցաւ դաշտի տէրերուն յաղթանակով՝ 2-0 արդիւնքով։
«Մունտիալ-2026»-ը պիտի շարունակուի մինչեւ Յուլիս 19։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ ան կը համախմբէ 48 հաւաքականներ, որոնք բաժնուած են 12 խմբակներու։ Մրցաշարքը միասնաբար կը կազմակերպեն երեք երկիրներ՝ Միացեալ Նահանգները, Գանատան եւ Մեքսիքան։ Աւարտական մեծ հանդիպումը պիտի կայանայ Կիրակի, Յուլիս 19-ին, «ՄեթԼայֆ» մարզադաշտին մէջ (Նիւ Եորք / Նիւ Ճըրզի)։ ■
