Ռուսաստան կ՚արգիլէ հայկական գիւղամթերքը, մինչ Հայաստան կը նուաճէ եւրոպական շուկաները
2026 Յունիս 12-էն ի վեր, Ռուսաստանի «Ռոսսելխոզնատզոր» ծառայութիւնը սկսած է սահմանափակել Հայաստանէն՝ մեկուսացման ենթակայ (*) ապրանքներու ներածումը, նոյնիսկ ռուսական տարածքէն փոխադրումը դէպի ԵԱՏՄ-ի երկիրներ։ Որոշումը պատճառաբանուած է հայկական չորցած լոլիկին, դեղձին եւ ընկոյզին մէջ վնասակար «գապրա» բզէզի յայտնաբերումով, ինչ որ ըստ ռուսական կողմին՝ ցոյց կու տայ Հայաստանի վերահսկողութեան անարդիւնաւէտութիւնը։
Մինչ Ռուսաստան կը շարունակէ արգիլել հայկական ապրանքները, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան խորհրդարանին մէջ յայտնած է, որ հայկական արդիական այգիներու եւ ջերմատուներու բերքը լիովին կը համապատասխանէ եւրոպական բարձրագոյն չափանիշներուն։ Կառավարութիւնը հատուցանելով փոխադրական եւ մաքսային ծախսերը, կ՚օգնէ յաղթահարելու դէպի նոր շուկաներ աշխարհագրական հեռաւորութեան խոչընդոտը։
Այս աջակցութեան շնորհիւ, հայկական արտադրանքը արդէն յաջողութեամբ կ՚արտածուի Վրաստան, Յունաստան, Ուքրաինա եւ Ղազախստան։ Ի պատասխան ռուսական արգելքներուն՝ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին պիտի յատկացնէ 50 միլիոն եւրօ՝ արտածման կարելիութիւնները ընդլայնելու նպատակով։ Արդէն իսկ հայկական ծաղիկներ արտածուած են Լաթվիա ու Նետերլանտներ, իսկ Յունիսի վերջաւորութեան ծիրան պիտի առաքուի Լեհաստան։ ■
______
(*) Մեկուսացման ենթակայ ապրանքները (produits mis en quarantaine) այն ապրանքանիւթերը, հումքերն ու մթերքներն են, որոնք արտադրական կամ առեւտրային գործընթացէն ժամանակաւորապէս կ՚առանձնացուին։ Այս կանխարգելիչ մեկուսացումը կարելիութիւն կ՚ընձեռէ ստուգելու անոնց համապատասխանութիւնը՝ նախքան օգտագործումը, վաճառքը կամ սպառումը։
