Պատժամիջոցներու նոր ծրարին մէջ ընդգրկուած է նաեւ Կիրիլ պատրիարքը
Եւրոպական յանձնաժողովը Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու 21-րդ ծրարի նախագիծին մէջ ընդգրկած է նաեւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Կիրիլ պատրիարքը։ Ցանկին մէջ կան քաղաքական գործիչ Վլատիմիր Մետինսքիի, պետական մեծ մարմիններու եւ առեւտրային ընկերութիւններու ղեկավարներու անուններ ան։
Փաստաթուղթին մէջ Կիրիլ պատրիարքին ընդգրկումը կը բացատրուի անով, որ հոգեւոր առաջնորդը կ՚աջակցի Ուքրաինայի մէջ ռուսական բանակի գործողութիւններուն, իսկ Վլատիմիր Մետինսքին կը նկատուի պետական քարոզչութեան առանցքային դէմքերէն մէկը։
Ցանկին մաս կը կազմեն բազմաթիւ անուններ՝ տարբեր մարզաձեւերու դաշնակցութեանց նախագահներէն մինչեւ գործարարներ, հեռատեսիլի հաղորդավարներ, զինուորականներ… Իսկ իրաւաբանական անձերու ցանկին վրայ են Մոսկուայի սակարանը, «Սիսթեմա» բաժնետիրական ելեւմտական ընկերութիւնը, «Ռոսսելխոզպանք»-ը եւ «ՏՕՄ.ՌՖ» դրամատունը։
Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու 21-րդ ծրարը ԵՄ-ը շրջանառութեան մէջ դրած է Յունիս 10-ին։ Փաստաթուղթին նախագիծը Պրիւսէլի մէջ ներկայացուցած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լայէնը։ Պատժամիջոցներուն համաձայն՝ պիտի արգիլուի Ուքրաինա՝ ռուսական ներխուժման բոլոր մասնակիցներուն մուտքը ԵՄ-ի տարածք, պատժամիջոցներ պիտի սահմանուին Ռուսաստանի մէջ գործող 31 դրամատուներու նկատմամբ։
Բացի ատկէ՝ Եւրոպական յանձնաժողովը կ՚առաջարկէ արգիլել շարք մը ապրանքատեսակներու, որոնց շարքին՝ ինքնաշարժի պահեստամասերու առաքումը Ռուսաստան։ ■
