Մաքրոն շնորհաւորած է Փաշինեանը՝ ընտրութիւններուն տարած յաղթանակին առթիւ
Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն X-ի (նախկին «Թուիթըր») իր էջով շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն անոր ղեկավարած կուսակցութեան արձանագրած յաջողութեան առթիւ։
«Իմ ամենաջերմ շնորհաւորութիւններս, սիրելի՛ Նիկոլ Փաշինեան, խորհրդարանական ընտրութիւններուն այս համոզիչ յաղթանակին առթիւ։ Ուրախ եմ քու կողքիդ շարունակելու մեր սկսած աշխատանքը՝ ա՛լ աւելի ամրապնդելու համար մեր գործակցութիւնը՝ ի նպաստ մեր ժողովուրդներուն, սատարելու Հայաստանի խաղաղութեան ու ինքնիշխանութեան եւ աջակցելու Եւրոպայի հետ մերձեցման թափին»,– գրած է Մաքրոն։

Թրամփի շնորհաւորութիւնները
ԱՄՆ-ու նախագահը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ «ընտրութիւններուն տարած համոզիչ յաղթանակին առթիւ»։
«Ես շատ հպարտ էի անոր վերընտրութեան աջակցելով եւ կասկած չունիմ, որ անոր առաջնորդութեամբ գեղեցիկ Հայաստանը պիտի հասնի մեծութեան ու յաջողութեան այնպիսի մակարդակներու, որոնք պիտի գերազանցեն բոլորին ամենահամարձակ սպասումները»,– գրած է Թրամփ «Truth Social»-ի իր էջին վրայ։
Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի յաղթանակին առթիւ՝ Հայաստանի վարչապետին նախապէս իր շնորհաւորութիւնները յայտնած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօն։
Նախընտրական շրջանին Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր լիակատար աջակցութիւնը յայտնած էր Հայաստանի վարչապետին։

Էրտողանի շնորհաւորութիւնները
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շնորհաւորական ուղերձ յղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակին առթիւ։
ՀՀ կառավարութեան լրատուական ծառայութեան համաձայն՝ ուղերձին մէջ նշուած է. «Ժողովուրդիս եւ անձամբ իմ անունովս սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ՝ 2026 Յունիս 7-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ձեր գլխաւորած “Քաղաքացիական պայմանագիր” կուսակցութեան արձանագրած յաղթանակին առթիւ, եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ երրորդ անգամ ըլլալով կառավարութիւն կազմելու գործին մէջ։
Լիովին կը հաւատամ, որ տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման եւ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ գործակցութեան ապահովման վերաբերեալ ձեր ռազմավարական տեսլականը յաջողութեամբ աւարտին պիտի հասնի»,– գրած է Էրտողան՝ Փաշինեանին մաղթելով քաջառողջութիւն եւ բարեկեցութիւն, իսկ Հայաստանի ժողովուրդին՝ բարգաւաճում եւ երջանկութիւն։
Փաշինեանը շնորհաւորած են նաեւ բազմաթիւ այլ ղեկավարներ, ինչպէս Իրանի նախագահը, Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, միջազգային գործընկերներ եւ կառոյցներ։ ■
