Գագիկ Ծառուկեան դատի տուած է Փաշինեանն ու Հանրային հեռատեսիլը

Փաշինեան-Ծառուկեան

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան դատի տուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Հանրային հեռատեսիլը։

Ընդդիմադիր գործիչը վարչապետէն կը պահանջէ հերքել լրագրողներու հետ Մայիս 28-ի  կարճ զրոյցին ընթացքին իր հասցէին հնչած արտայայտութիւնները եւ վճարել 9 միլիոն դրամի փոխհատուցում՝ 6 միլիոնը զրպարտութեան, իսկ 3 միլիոնը՝ վիրաւորանքի համար։

Դատական գործի նիւթերուն համաձայն՝ Փաշինեան Ծառուկեանը անուանած է «յանցագործ», «լրտես» եւ «գործակալ»՝ պնդելով, որ ան «ապօրինի գործարք կնքած է», «թալանած է ժողովուրդը» եւ օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու ցուցմունքով Անդրանիկ Թեւանեանը ընդգրկած է ԲՀԿ-ի ցանկին մէջ։ Դատարանը Յունիս 12-ին ընդունած է քննարկել այս բողոքը։ Եթէ դատարանը արդար նկատէ Ծառուկեանի բողոքը, հերքումը պէտք է հրապարակուի 13 լրատուական կայքերու մէջ եւ անոնց եութիւպեան ալիքներուն վրայ։

Բողոք՝ նաեւ Հանրային հեռատեսիլին դէմ

Միաժամանակ, Ծառուկեան բողոք ներկայացուցած է նաեւ Հանրային հեռատեսիլին դէմ՝ դժգոհելով այնտեղ սփռուած նիւթէ մը, որ կը կրէր՝ «Քոչարեանի դրդմամբ՝ ԲՀԿ հիմնում, Սարգսեանի հետ կոալիցիա. Քաղաքական էջը փակել-բացելու Ծառուկեանի ուղին» խորագիրը։

Ըստ բողոքող կողմին՝ նիւթը միակողմանի է, անհաւասարակշիռ եւ չի համապատասխաներ իրականութեան։ Ծառուկեանի ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ լրասփիւռը բաւարար քայլերու չէ դիմած ճշդելու համար տուեալներուն իսկութիւնը, եւ խստիւ հերքած է այն պնդումները, թէ ԲՀԿ-ն ստեղծուած է որեւէ այլ քաղաքական գործիչի մը դրդումով կամ հովանաւորութեամբ։